ԷՅԻՒՊ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

eyupԷյիւպի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ ատենապետ Արթօ Արմանի, 12 Յունիս 2013, Չորեքշաբթի, ժամը 10.00-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը այս տարի կը զուգադիպէր 23 Յունիս 2013, Կիրակի, Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածնի Տօնին։ Այցելուները, օրուան կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց համար խնդրեցին, Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը եւ տեղեկութիւն տուին եկեղեցւոյ մէջ կատարուած աշխատութեանց, ի մասնաւորի եկեղեցւոյ դիմացի հողամասին վրայ կառուցուած շէնքին մասին, որ սկսած էր օգտագործուիլ որպէս եկամտաբեր կալուած։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը սիրով ընդառաջեց եղած խնդրանքին, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Էյիւպի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամներուն, իրենց եկեղեցանուէր գործունէութեանց մէջ։