ԷՅԻՒՊ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

13268066_581737008652853_669245657407996183_oՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 24 Մայիս 2016, Երեքշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց, Էյիւպի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Մինաս Քհնյ. Ճիհանկիւլեանի։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը այս տարի կը զուգադիպէր 19 Յունիս 2016, Կիրակի։ Այցելուները, օրուան կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց համար խնդրեցին, Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը եւ տեղեկութիւն տուին եկեղեցւոյ մէջ կատարուած աշխատութեանց մասին։

Արամ Արքեպս. սիրով ընդառաջեց եղած խնդրանքին, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց այցելուներուն իրենց գործունէութեանց մէջ։