ԷՅԻՒՊ Ս. ԵՂԻԱ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

13116515_574022476090973_6304546156243636303_oՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 4 Մայիս 2016, Չորեքշաբթի առաւօտ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց, Էյիւպի Ս. Եղիա Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Մինաս Քհնյ. Ճիհանկիւլեանի։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ Ս. Եղիա Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը այս տարի կը զուգադիպէր 22 Մայիս 2016, Կիրակի, Ս. Եղիա Մարգարէի Տօնին։ Այցելուները, օրուան կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց համար խնդրեցին, Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը եւ տեղեկութիւն տուին եկեղեցւոյ մէջ կատարուած աշխատութեանց մասին։ Այցելուներ տեղեկութիւն տուին նաեւ եկեղեցւոյ հետ առնչուած կալուածական զարգացումներու մասին։

Արամ Արքեպս. սիրով ընդառաջեց եղած խնդրանքին, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց այցելուներուն, իրենց եկեղեցանուէր գործունէութեանց մէջ։