ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ Ի ՊԱՏԻՒ ԱՐՍԷՆ ԱՒԱԳԵԱՆԻ

Kategori: Աշխարհական

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 9 Մայիս,Երկուշաբթի երեկոյեան Սեւծովեան ՏնտեսականՀամագործակցութեան ԿազմակերպութեանՍտանպուլի գրասենեակի մօտ ՀայաստանիՀանրապետութեան ներկայացուցիչ Տքթ. ԱրսէնԱւագեանի ի պատիւ ընդունելութիւն մը սարքեցՊատրիարքարանի պարտէզին մէջ։ Տքթ. Աւագեան իրառաքելութիւնը աւարտած ըլլալով կը պատրաստուէրՀայաստան մեկնիլ։

Ընդունելութեան մասնակցեցան Գերշ. Տ. ՆերսէսԱրքեպս. Պոզապալեան, յիշեալ կազմակերպութեանՀայաստանի նոր ներկայացուցիչ Կարէն Միրզոյեան,Հայաստանի Ֆինանսի փոխ-նախարար ԴաւիթԱւետիսեան, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ։

Նորին Ամենապատուութիւնը ՊատրիարքականՕրհնութեան Գիրով պատուեց Տքթ. Արսէն Աւագեանիծառայութիւնը, որուն Արսէն Աւագեան փոխադարձեցշնորհակալութեան խօսքով։
Խօսք առին նաեւ Գերշ. Տ. Ներսէս Արքեպիսկոպոս,Կարէն Միրզոյեան եւ փոխ-նախարար Աւետիսեան։

Ընդունելութեան աւարտին ներկաները հրաժեշտ առինԱրսէն Աւագեանէ եւ յաջողութիւն մաղթեցին ապագայինոր պաշտօնին մէջ։