ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ ՏԻԿՆԱՆՑ ԿԱԶՄԵՐՈՒ

Kategori: Համայնքային

140407 Dignants Zadig AMՔաղաքիս զանազան համայնքային հաստատութեանց տիկնանց կազմերու ներկայացուցիչները, Ս. Յարութեան տօնին առիթով, 7 Ապրիլ 2015, Երեքշաբթի, ժամը 15.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Ներկայ էր նաեւ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, Հոգշ. Տ. Մաղաքիա Աբղ. Պէսքիսիզեան եւ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Տիկիններու աւանդական այցելութեան ընթացքին, Նորին Սրբազնութիւնը բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ շնորհաւորեց Ս. Յարութեան Տօնը։ Անդրադարձաւ կանանց համայնքային կեանքէ ներս ունեցած կարեւոր դերերուն մասին։ Մաղթեց որ հերթական հաւաքոյթներով, իրենց գործունէութեան դաշտը աւելի արդիւնաբեր դառնայ։ Բարի գալուստի խօսքէն յետոյ տիկիններ յայտեցին իրենց սրտի խօսքերը։ Համայնքային, եկեղեցական եւ մշակութային հարցերու շուրջ ակնարկութիններ եղան։ Ինչպէս նաեւ հոգեւոր հայրեր պատշաճ պատասխաններ տուին տիկիններու հարցումներուն եւ նկատողութիւններուն։
Ընդունելութեան աւարտին երգուեցաւ Ս. Յարութեան «Գովեա Երուսաղէմ» շարականը եւ հուսկ՝ Արամ Արքեպս. իր օրհնութիւնը տալով բաժնեց Զատկուան հաւկիթներ։