ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ ՏԻԿՆԱՆՑ ԿԱԶՄԵՐՈՒ

Kategori: Համայնքային

12885974_560590910767463_3604554023979148531_oՔաղաքիս զանազան համայնքային հաստատութեանց տիկնանց կազմերու ներկայացուցիչները, Ս. Յարութեան տօնին առիթով, 30 Մարտ 2016, Չորեքշաբթի, ժամը 15.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Ներկայ էին նաեւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան եւ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Տիկիններու աւանդական այցելութեան ընթացքին, Նորին Սրբազնութիւնը բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ շնորհաւորեց Ս. Յարութեան Տօնը։ Անդրադարձաւ կանանց համայնքային կեանքէ ներս ունեցած կարեւոր դերերուն մասին։

Բարի գալուստի խօսքէն յետոյ տիկիններ յայտեցին իրենց սրտի խօսքերը։ Տիկնանց կազմերու անդամներ հակիրճ տեղեկութիւններ տուին, Ս. Զատկի առթիւ իրենց գործունէութեանց մասին։ Համայնքային, եկեղեցական եւ մշակութային հարցերու շուրջ ակնարկութիններ եղան։

Ընդունելութեան աւարտին երգուեցաւ Ս. Յարութեան «Գովեա Երուսաղէմ» շարականը եւ հուսկ՝ Արամ Արքեպս. իր օրհնութիւնը տալով բաժնեց Զատկուան հաւկիթներ։