ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ ՏԻԿՆԱՆՑ ԿԱԶՄԵՐՈՒ

Kategori: Համայնքային

dignants gazmerՔաղաքիս զանազան համայնքային հաստատութեանց տիկնանց կազմերու ներկայացուցիչները, Ս. Զատկի տօնին առիթով, 22 Ապրիլ 2014, Երեքշաբթի, ժամը 15.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Ներկայ էր նաեւ Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ Ատենադպիր Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Տիրամայր Մարի Մութաֆեան։

Տիկիններու աւանդական այցելութեան ընթացքին, Նորին Սրբազնութիւնը բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ շնորհաւորեց Ս. Յարութեան Տօնը։ Անդրադարձաւ կանանց կատարած դերին կարեւորութեան իբրեւ ընտանիքի մայր, նաեւ իբրեւ օժանդակող մեր համայնքային, եկեղեցական, կրթական, բարեսիրական հաստատութեանց։ Այս առումով գնահատեց համայնքանուէր գործունէութեան լծուած տիկինները։ Հաւաքին մասնակից տիկիններու որոշմամբ Թագուհի Կիւլեան, կոչուեցաւ Ստանպուլահայ Տիկնանց Միութեանց միացեալ կազմին ատենապետութեան։

Ընդունելութեան աւարտին երգուեցաւ Ս. Յարութեան «Գովեա Երուսաղէմ» շարականը եւ հուսկ՝ Արամ Արքեպս. իր օրհնութիւնը տալով բաժնեց Զատկուան հաւկիթներ։