ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՆԱՒ

Kategori: Միջեկեղեցական

204Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 16 Օգոստոս, Երեքշաբթի, ժամը 19.30-ին, առաջնորդուեցաւ Քէօլն քաղաքի մէջէն անցնող Ռայն գետի ափին գտնուող «Ֆրէնտ-Շիփ» (Friend-Ship) նաւը, որ Միւնսթըրի Կաթոլիկ Ուսանողներու Միութեան կողմէ ժամանակաւոր կերպով վերածուած էր երիտասարդ համալսարանականներու հաւաքատեղիի։ Նորին Ամենապատուութիւնը այստեղ ծանօթացաւ Միւնսթըրի Կաթոլիկ Ուսանողներու Միութեան Հոգեւոր Մատակարար Գերյ. Հայր Հանս-Բերնդ Քէօփփէնի եւ միւս ղեկավարներուն։

Պատրիարք Հայրը ապա շուրջ 15 վայրկեանի համար մասնակցեցաւ նաւուն մէջ գտնուող «գեղարուեստի աշխատանոց»ին եւ աշխարհի քարտէզին փոքր մէկ մասը ջրաներկով ներկեց։ Նաւը այցելող տարբեր անձերու կողմէ ամբողջութեամբ ներկուելէ ետք, քարտէզը Միւնսթըրի եկեղեցիներէն մէկուն սրահին մէջ պիտի ցուցադրուի իբրեւ Խաղաղութեան Քարտէզ։

Նորին Ամենապատուութիւնը ապա Ընկերութեան Նաւի երրորդ յարկին վրայ համալսարանական երիտասարդներու հետ միջկրօնական, միջմշակութային եւ եկեղեցական հարցերու շուրջ հետաքրքրական զրոյց ունեցաւ։ Իսկ Հայր Քէօփփէնի եւ երիտասարդներուն հետ նոյն նաւուն մէջ ընթրելէ ետք Նորին Ամենապատուութիւնը վերադարձաւ Սալվաթորեան Վանքի հիւրատունը: