ԸՆՏՐԵԱԼ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ Ի ՆՊԱՍՏ ՍԱՐՔՈՒԱԾ ՀԱՄԵՐԳԻՆ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

81109977_10157090832227756_1405768393985884160_n

Հարպիյէի Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ Համերգասրահին մէջ, 26 Դեկտեմբեր 2019, Հինգշաբթի, Կեդրոնական Ազգային Վարժարանի ի նպաստ,  «Կեդրոնական, ջահդ վառ» խորագրեալ երաժշտական երեկոյթը տեղի ունեցաւ։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Սարին Աքպաշի եւ Պօղոս Չալկըճըօղլուի։

80397843_10157090832582756_5656807434497294336_n

Հանդիսութիւնը պատուեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Ընտրեալ Պատրիարք Հայրը, իր մօտն ունենալով՝ Հոգշ. Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեանն ու Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանը։ Ներկաներու շարքին էին Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Վիճակաւոր Արհ. Լեւոն Արքեպս. Զեքիեան, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւ Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի Խմակալութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ Ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլուի, վարժարանի ուսուցչաց կազմը՝ գլխաւորութեամբ՝ Սիլվա Գույումճեան Մարկոսեանի, բարերարներ եւ երաժշտասէր հասարակութիւնը։

80710569_10157090833252756_7392474315188338688_n

Հանդիսութեան ընթացքին բեմ բարձրացան՝ Կեդրոնական վարժարանի երգչախումբն ու նուագախումբը,ղեկավարութեամբ՝ Յակոբ Մամիկոնեանի, Նուարդ Աւետիքօղլու, Սէրճան Կազէրօղլու, Գարօլին Սարը, Ալեքս Թաթարեան, Լառա Նարին, Օննօ Սիւզմէ, Մարալ Այվազ, Լիտա Քէօսէօղլու, Թաթիանա Պոստան, Մարալ Աթաման եւ Պարթեւ Կարեան։ Համերգը իր աւարտին հասաւ միասնաբար երգուած «Հոյ Նազան» երգով։

80727458_10157090832122756_700609444874027008_n

Հանդիսութեան աւարտին Ընտրեալ Պատրիարք Սրբազան Հայրը հուսկ բանքը արտասանեց եւ գնահատեց տարուած աշխատութիւնը։ Պատրիարք Հայրը դիտել տուաւ որ վարժարանը նիւթականի կարիք ունի եւ բարի լուրը այն է որ մեր համայնքը վարժարանին օժանդակելի նիւթական զօրութիւնը ունի։ Ուրեմն կը մնար վերջին փուլը, որ էր նիւթական զօրութիւնը ի սպաս դնել Ազգային Կեդրոնական Ազգային վարժարանի ապահով գոյատեւմանը համար։  Նորին Ամենապատուութիւնը երախտիքով յիշեց Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեանը եւ արտայայտուեցաւ հետեւեալ ձեւով. «Կեդրոնական Վարժարանը մերն է եւ Սահակ Սրբազանն ալ Կեդրոնականցի է արմատէն, որովհետեւ բոլոր Պատրիարքները Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեանի ժառանգորդներն են, հետեւաբար Սահակ Պատրիարքն ալ Կեդրոնականցի է»։ Պատրիարք Հայրը մասնաւորապէս գնահատեց, վարժարանի տեսչութիւնն ու խնամակալութիւնը, կազմակերպիչ յանձնախումբի բոլոր անդամները, երգիչները եւ հանդէսի կազմակերպման մէջ ներդրում ունեցող սպասաւորներները։ Պատրիարք Սրբազան Հօր խօսքերը մեծապէս ընդունելութիւն գտաւ ունկնդիրներու մօտ եւ խանդավառ ծափեր միացան Նորին Ամենապատուութեան արտայայտութեանց։