ԸՆՏՐԵԱԼ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ Ս. ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔԻՆ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

80595004_1201845946677615_4165971522382462976_o

Ս. Խաչ Դպրեվանքէ ներս սովորութիւն դարձած է, տարուան վերջին Հինգշաբթին վարժարանի մէջ համախմբուիլ սիրոյ սեղաններու շուրջ եւ ընտանեկան մթնոլորտի ներքեւ դիմաւորել նոր տարին։ Այս տարուան սիրոյ սեղանի նախագահն էր՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Ընտրեալ Պատրիարք Հայրը, իր մօտն ունենալով՝ , Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանը։ 26 Դեկտեմբեր 2019, Հինգշաբթի երեկոյեան սարքուած խրախճանքին ընթացքին, Խնամալութեան Ատենապետ՝ Փրօֆ. Տքթ. Թորոս Ալճան եւ ընկերները, հիւրասիրեցին Դպրեվանքցիները։

Պատրիարք Հօր վարժարան ժամանումով, վարժարանէ ներս արդէն իսկ ստեղծուեցաւ եռուզեռ մը։ Պատրիարք Հայրը վարժարանի մուտքին դիմաւորուեցաւ, խմակալներու,տեսչութեան եւ աշակերտութեան կողմէ։ Յաջորդաբար սիրոյ սեղանը սկսաւ Տէրունական Աղօղքով։ Խրախճանքի ընթացքին, Ս. Խաչ Դպրեվանքի աշակերտները հանդէս եկան բանաստեղծութիւններով, երաժշտութեամբ եւ թատրերգութեամբ։

80540017_1201846123344264_7789518044266496000_o

Ողջոյնի խօսքը արտասանեց վարժարանի Տնօրէն Արմէն Սարուխանեան եւ բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն։ Խօսք առաւ նաեւ Փրօֆ. Տքթ. Թորոս Ալճան եւ յանուն վարչութեան ողջունեց ներկաները։ Մեծյարգոյ Ատենապետը, յիշեցուց թէ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի աւանդն է Ս. Խաչ Դպրեվանքը եւ մինչեւ այսօր Պատրիարքական Աթոռոյ բոլոր գահակալները դպրոցի մէջ ծանօթ են վանահայր տիտղոսով։ Ինք որդիական ակնածանօք եւ մեծ ուրախութեամբ ողջունեց Վանահայր Սահակ Բ. Ընտրեալ Պատրիարքը։ Իր ընտրութեամբ, 12 տարիներ յետոյ, Պատրիարք մը սեղանակից կը դառնար սոյն ամանորեան խրախճանքին։ Պատրիարք Սրբազան Հօր հրաւէր ուղղեց, որպէսզի որպէս վանահայր պարբերաբար այցելէ Ս. Խաչ Դպրեվանք, բարոյական ներկայութիւնը զգացնէ Գարեգին Պատրիարքի եւ իր գործօն ներկայութիւնը դառնայ օրհնութիւն վարժարանի սաներուն ու ընտանիքին համար։

 80515490_1201845710010972_4212935873072726016_o

Խրախճանքի ընթացքին, Ընտրեալ Պատրիարք Հայրը, իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն։ Պատրիարք Հայրը Ս. Գրային «Խնդրեցէք եւ պիտի տրուի ձեզի» տողերը յիշեցնելով, թելադրեց որ միշտ լաւը ուզեն իրենց վարժարանին եւ ազգին համար։ Իրեն համար մեծ ուրախութիւն էր, որպէս Թրքահայոց Պատրիարք ներկայ գտնուիլ Ս. Խաչ Դպրեվանքի մէջ, քանի սոյն վարժարանի հիմքերը կ՚երկարէին Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի։ Ինք եւս հաւաստիացուց թէ, որպէս վանահայր առաւել եւս մօտէն պիտի հետաքրքրուէր Ս. Խաչ Դպրեվանքով եւ իր հայրական հոգածութիւնը պիտի չզլանար վարժարանէն։ Յիշեցուց թէ բոլոր դրական գործերը,  լուրջ աշխատութեան արդիւնքն են եւ եզրափակեց իր խօսքերը ըսելով. « Այս հաստատութիւնը Գարեգին Պատրիարքէ աւանդուած է։ Ես եւ դուք, բոլորս ձեռք ձեռքի տալով բարձր պատնեշի վրայ պահելու պիտի ջանանք մեր Ս. Խաչ Դպրեվանքը»։

Պատրիարք Հայրը, իր աղօթքը կատարելէ յետոյ, մեկնեցաւ դէպի Հարպիյէ՝ մասնակցելու համար Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի ի նպաստ սարքելի հանդիսութեան։