ԸՆՏՐԵԱԼ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ Ս. ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔԻՆ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Ինչպէս ամէն տարի, Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի խնամակալութիւնը, պաշտօնէութիւնը եւ մնայուն բնակիչները, Ամանորի սեմին կը համախմբուին սիրոյ սեղանի շուրջ։ Այս Խրախճանքին կը մասնակցին նաեւ Պատրիարքական Աթոռոյ բարձրաստիճան հոգեւորականներն ու վարչայիններ։ Այս տարուան սիրոյ սեղանը տեղի ունեցաւ, 26 Դեկտեմբեր 2019, Հինգշաբթի, երեկոյեան, որուն պատուոյ հիւրն էր՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Ընտրեալ Պատրիարք Հայրը։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Հոգշ. Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան, Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ Արժ. Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։ Խնամալութեան Ատենապետ՝ Պետրոս Շիրինօղլու եւ իր ընկերները, Ազգային Հիւանդանոցի երդիքին ներքեւ տեղի ունեցած սիրոյ սեղանին, ամենայն ջերմութեամբ հիւրընկալեցին հիւրերը։ Սիրոյ սեղանը սկսաւ միասնաբար արտասանուած Տէրունական Աղօթքով։

Խրախճանքի ընթացքին, յանուն խնամակալութեան ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Պետրոս Շիրինօղլու։ Մեծյարգոյ Ատենապետը, իր խօսքերուն մէջ նախ նշեց թէ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի համար ուրախութիւն էր հիւրընկալել Թրքահայոց նորընտիր Պատրիարք Հայրը։ Երկար տարիներ յետոյ, Պատրիարքական Աթոռոյ գահակալը, որպէս նախագահ կը պատուէր սոյն սիրոյ սեղանը։ Ինք անդրադարձաւ նաեւ հիւանդանոցի առաքելութեան եւ մաղթեց որ նոր տարին բարեբեր ըլլայ, թէ՛ երկրին, թէ՛ համայնքին եւ թէ՛ հիւանդանոցին համար։

Խրախճանքի ընթացքին, Ընտրեալ Պատրիարք Հայրը, իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն։ Նորին Ամենապատուութիւնը փառք տուաւ Աստուծոյ որ, ազգին գթութեան յարկէն ներս տեղի կ՚ունենար նման երեկոյթ մը եւ ինք Ընտրեալ Պատրիարքի հանգամանքով կը մասնակցէր սոյն հանդիսութեան։ Պատրիարք Հայրը շեշտեց ընտանեկան սեղանի կարեւորութիւնը եւ մաղթեց որ նման միջոցառումներով անհատներ առաւել եւս իրարու մօտենան եւ ամրապնդուի միութեան ոգին։ Այս առթիւ դրուատեց Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի գործունէութիւնը եւ մաղթեց որ սոյն բարենպատակ հաստատութիւնը առաւել եւս զօրանայ եւ իր ներդրումը բերել շարունակէ համայնքային այլ հաստատութիւններուն։

Պատրիարք Հայրը, իր աղօթքը կատարելէ յետոյ, մեկնեցաւ դէպի Սկիւտար՝ մասնակցելու համար Ս. Խաչ Դպրեվանքի Ամանորեան Խրախճանքին։