ԹՈՒՄՕ ԿԵԴՐՈՆՆԵՐՈՒ ՑԱՆՑԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՏՆՕՐԷՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊՈԼԻՍ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

16 02 25 TumoՀայաստանի «Թումօ» կեդրոններու ցանցի ընդհանուր տնօրէն Մարի Լու Փափազեան, 25 Փետրուար, Հինգշաբթի, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։

Հայաստանի «Թումօ» կեդրոններու ցանցը կը նախատեսէ մասնաճիւղ մը հաստատել Ստանպուլի մէջ։ «Թումօ»ի ընդհանուր տնօրէն Մարի Լու Փափազեան այս նպատակաւ կ՚այցելէր քաղաքս։ Ան համայնքային շրջանակներէն ներս շփումներ պիտի ունենայ եւ պիտի քննարկէ Ստանպուլի մէջ «Թումօ»ի մասնաճիւղ մը հաստատելու հաւանականութիւնը։ Սոյն աշխատութեանց մասին տեղեկութիւններ տրուեցաւ Նորին Սրբազնութեան։ «Թումօ»ն ամառնային ճամբարի դրութիւն մըն է, որ հայ երիտասարդները կը համախմբէ։ Արամ Սրբազան յաջողութիւն մաղթեց Տիկին Փափազեանին։