ԹՈՓԳԱՓԸԻ Ս. ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

11224751_462954557197766_8875903308604265654_oԹոփգաբըի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Մինաս Քհնյ. Ճիհանկիւլեանի, 23 Յունիս 2015, Երեքշաբթի, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ ատենապետութեան պաշտօնը ստանձնած էր Մուրատ Չաքար։ Անոնք, կը շարունակէին Լեւոն Վարդուհեան Վարժարանի ապագային մասին ծրագիրներ մշակել։ Այս ուղղութեամբ, տարեկան տօնախմբութեան աշխատանքներու ձեռնարկելու այժմէն սկսած էին։ Եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնը այս տարի պիտի կատարուի 6 Դեկտեմբեր 2015, Կիրակի առաւօտ, Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ, ապա պիտի սարքուի սիրոյ սեղան ի նպաստ Թոփգաբըի Լեւոն Վարդուհեան Վարժարանին։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը, շնորհաւորեց Մուրատ Չաքանը եւ իր անձին մէջ կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ Խորհուրդի անդամներուն, իրենց եկեղեցանուէր եւ կրթանուէր գործունէութեանց մէջ։