ԹՈՓԳԱՓԸԻ Ս. ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

12308402_512292722263949_9056302911383176975_nԹոփգաբըի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Մինաս Քհնյ. Ճիհանկիւլեանի, 24 Նոյեմբեր 2015, Երեքշաբթի, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնը այս տարի պիտի կատարուէր 6 Դեկտեմբեր 2015, Կիրակի առաւօտ, ապա պիտի սարքուէր սիրոյ սեղան ի նպաստ Թոփգաբըի Լեւոն Վարդուհեան Վարժարանին։ Այցելուները, օրուան կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց համար խնդեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը։ Անոնք տեղեկութիւններ տուին նաեւ եկեղեցւոյ եւ վարժարանի մէջ կատարուած բարեզարդութեանց եւ աշխատութեանց մասին։

Արամ Արքեպս. ընդառաջեց եղած խնդրանքին, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց այցելուներուն, իրենց գործունէութեանց մէջ։