ԹՈՓԳԱՓԸԻ Ս. ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

topkapıԹոփգաբըի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Մինաս Քհնյ. Ճիհանկիւլեանի, 26 Սեպտեմբեր 2014, Ուրբաթ, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնը այս տարի պիտի կատարուէր 30 Նոյեմբեր 2014, Կիրակի առաւօտ, ապա պիտի սարքուէր սիրոյ սեղան ի նպաստ Թոփգաբըի Լեւոն Վարդուհեան Վարժարանին։ Այցելուները, օրուան կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց համար խնդեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը եւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը հրաւիրեցին հանդիսութեանց։ Անոնք տեղեկութիւններ տուին նաեւ եկեղեցւոյ եւ վարժարանի մէջ կատարուած աշխատութեանց մասին։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը սիրով ընդառաջեց եղած խնդրանքին, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ Խորհուրդի անդամներուն, իրենց եկեղեցանուէր եւ կրթանուէր գործունէութեանց մէջ։