ԹՐՔԱՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՀԻՄՆԱՐԿԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ 50-ԱՄԵԱԿԸ ՆՇԵԼՈՒ

Kategori: Համայնքային

12514042_530301683796386_4450245258685966085_oԹրքահայ Ուսուցչաց Հիմնարկի ներկայացուցիչներ՝ Մարիամ Տրամէրեան, Նազարէթ Պալ եւ Օշին Էլակէօզ, 11 Յունուար 2016, Երկուշաբթի, այցելեցին Պատրիրարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Հիւրերը տեղեկացուցին թէ մօտակայ օրերուն կը պատրաստուէին հիմնարկի 50-ամեակը նշելու։ Այս առթիւ տեղի պիտի ունենան կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններ։ 31 Յունուար 2016, Կիրակի առաւօտ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագի մատուցմամբ պիտի յիշատակուին հիմնարկի հանգուցեալ հիմնադիրները, վարչայինները, անդամները եւ սատարողները։ Իսկ, նոյն օրը պիտի սարքուի նաեւ պաշտօնական ընթրիք մը։ Այցելուներ, խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը։

Նորին Սրբազնութիւնը, տարեդարձի տօնակատարութեանց սեմին, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց այցելուներուն։

Հինարկի 50-ամեակին առթիւ, լոյս տեսած է նաեւ Արամ Գամպուրեանի եւ Մարիամ Տրամէրեանի խմբագրութեամբ յուշամատեան մը։