ԻԹԻՄԱԹ ՊԻՒՌՕՅԷՆ ՍԱՐԳԻՍ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

13680468_615011665325387_4813544101595623920_oՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 10 Օգոստոս 2016, Չորեքշաբթին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Իթիմաթ Պիւռօյէն Սարգիս Գրիգորգեանը։ Ներկայ եղան Հերման Կիւրճեան եւ Պետրոս Մարզուվան։

Հանդիպման ընթացքին, Նորին Սրբազնութիւնը, նկատելով Սարգիս Գրիգորեանի բազմամեայ ծառայութիւնը, իրեն շնորհեց օրհնութեան գիր, որուն մէջ յիշեց Իթիմաթ Պիւռոյին գործունէութիւնն ու կարեւորութեանը եւ արտայայտուեցաւ յետեւեալ տողերով «Անցեալին այս հաստատութիւնը ունեցած է նախանձախնդիր եւ վստահելի ծառայողներ, որոնք յիրաւի արժանացած են մեր համայնքի անվերապահ գնահատանքին։ Ուրախ ենք, որ Ձեր հոգելոյս հայրը՝ Վարուժան Գրիգորեան եւս ծառայած էր, իրեն օգնական ունենալով նոյնքան վստահելի անձնաւորութիւններ։ Իր ի Տէր ննջումէն յետոյ այս հաստատութեան ղեկը ստանձնեցիք Դուք եւ շարունակեցիք Ձեր հոգելոյս հօր գործելակերպի օրինակին հետեւելով։
Թարգման հանդիսանալով մեր համայնքային ու թաղային մարմիններու զգացմանց, կը գնահատենք Ձեր նուիրեալ ծառայութիւնը եւ այսու գրիւ, կու տանք մեր օրհնութիւնը։ Ի բոլոր սրտէ կ՚աղօթենք, որ Աստուած վարձահատոյց ըլլայ Ձեզի եւ Իր ամենազօր Աջոյն հովանիին տակ պահէ Ձեզ եւ Ձեր ընտանիքի անդամները։»