ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԿՈՒՍԱԿԱԼԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

valiԻսթանպուլի մեծայարգ Կուսակալ Վասիփ Շահին, երէկ ժամը 13.30-ին այցելեց Պատրիաքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ  Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Ընդունելութեան ներկայ եղան Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Բ. Ատենապետ՝ Հերման Պալեան, Գարակէօզեան Որբանոցի Խնամակալութեան Ատենապետ՝ Տիգրան Կիւլմէզկիլ, Սամաթիոյ Թաղական Խորհուրդի Ատենապետ՝ Եսայի Տէմիր, Թօփգաբուի Թաղական Խորհուրդի Ատենապետ՝ Մոնիք Երկանեան, Ֆէրիգիւղի Թաղական Խորհուրդի Ատենապետ՝ Մուրատ Էօղէր, Կետիկփաշայի Թաղական Խորհուրդի Ատենապետ՝ Յարութիւն Շանլը։ Նորին Սրբազնութիւնը բարի գալուստ մաղթեց մեծայարգ կուսակալին եւ ուրախութիւն յայտնեց որ առիթը ունեցած հիւրասիրել զինքը Պատրիարքարանի պատմական շէնքին մէջ։ Մեծայարգ կուսակալը, որ առաջին անգամ կþայցելէր Պատրիարքարան, ըսաւ թէ իր այս այցելութեամբ կը փոխադարձէր Նորին Սրբազնութեան տուած քաղաքավարական այցելութեան։ Ուրախութիւն յայտնեց, որ կը գտնուէր Թուրքիոյ Հայոց հոգեւոր կեդրոնին մէջ եւ հետաքրքրուեցաւ Պատրիարքական Աթոռի եւ Պատրիարքարանի պատմութեան հետ։

Նորին Սրբազնութիւնը իբր յիշատակ այս այցելութեան մեծայարգ Կուսակալին նուիրեց Արսէն Եարմանի հեղինակած Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Պատմութեան նուիրուած աշխատասիրութիւնը։