Ի ՄՕՏՈՅ ԾԻՐԱՆ ՀԱՄԵՐԳ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Յանուն Սահակեան Սանուց Միութեան Արման Պըչաքճը եւ յանուն Մխիթարեան Սանուց Միութեան Արսէն Քովան, 18 Հոկտեմբեր 2019, Ուրբաթ, ժամը՝ 12.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի կողմէ։

Այցելուները Նորին Սրբազնութիւնը հրաւիրեցին ներկայ ըլլալու Ծիրան համերգին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 28 Հոկտեմբեր 2019, Երկուշաբթի, ժամը 21.00-ին, Ճէմիլ Ճանտաշ սրահին մէջ։

2019 DZIRAN

Տեղապահ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց այս հրաւէրին եւ փոխանցուած տեղեկութեանց համար։ Ան գնահատեց իրենց զոյգ միութեանց տարած աշխատանքները ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց։