ԼԵՒՈՆ ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Համայնքային

topkapi dernekՆորակազմ Լեւոն Վարդուհեան Սանուց Միութեան Վարչութեան անդամները՝ Արաս Տէմիրճիօղլու, Մէլիսա Թաշճեան, Արտա Հաճը Չօլաքեան, Գոզէթ Ավանուս, Ռաֆֆի Վանլեանի, գլխաւորութեամբ ատենապետ՝ Նատին Վանլըօղլու Թաշի, 26 Հոկտեմբեր 2015, Երկուշաբթի, քաղաքավարական այցելութիւն տուին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։
Այցելուներ յայտնեցին թէ, Թոփգաբըի Լեւոն Վարդուհեան Վարժարանէն շրջանաւարտ սաներ, վարժարանին ի նպաստ ծառայելու նպատակաւ միութիւնը կազմած էին։ Նորակազմ միութիւնը, արդէն իսկ իր ծրագիրները կեանքի կոչելու սկսած էր։ Անոնք Լեւոն Վարդուհեան Վարժարանի առընթեր, ուրիշ հաստատութիւններու եւս կ՚օժանդակէին։ Յայտեցին թէ՛ ի մօտոյ Պոլսահայ Սանուց Միութիւները, «Ոսկի Աշուն»ի առթիւ պիտի հիւրասիրեն։
Արամ Արքեպս., շնորհաւորեց այցելուները իրենց նախաձեռնութեան համար։ Յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։