ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՍԱՆԱՍԱՐԵԱՆ ԽԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային,Փաստաթուղթեր

Աթոռս վերահասու դարձած է, թէ Պատրիարքութեանս եւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան միջեւ տարակարծութեան առարկայ Սանասարեան խանի՝ վերանորոգութեան փոխարէն 35 տարիով վարձակալման նպատակով 28 Յունուար 2020 թուականին մրցոյթ (իհալէ) մը տեղի պիտի ունենայ Վաքըֆներու Ստանպուլի Ա. Շրջանի տնօրէնութեան կողմէ։ Սահմանադրական ատեանի մօտ 2019/6264 համար մեր անհատական դիմումին վերաբերեալ առանց վճռի մը արձակման, երբ տակաւին դատական գործընթացը ընթացքի մէջ է, Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ տուեալ խանին համար մրցոյթի մը կազմակերպումը արդար չի համարուիր։ Բաց աստի, ակնյայտ է, որ այս մրցոյթն ու անոր յաջորդելիք փուլերը չեն կրնար որեւէ ազդեցութիւն գործել՝ մեր կողմէ պահանջուած իրաւունքին վրայ։

Ինչպէս ծանօթ է, 10 Հոկտեմբեր 1901 թուականին դատական իշխանութիւններու կողմէ հաստատուած Սանասարեանի վաքըֆը՝ ըստ հիմնարար փաստաթուղթին, Մկրտիչ աղա Սանասարեանի կողմէ ստեղծուած է կարիքաւոր հայ երախաներու կրթութեան, դաստիարակութեան, բնակութեան եւ սնման կարիքներու դիմագրաւման նպատակով։ Մկրտիչ աղան այս նպատակը իրականացնելու նպատակով ծախու առած է Սանասարեան խանը։ Կտակարարը՝ որպէս վաքըֆի միակ կառավարիչ ու միակ իրաւասու նշանակած է հայոց օրուան պատրիարքը։

Պատրիարքական Աթոռը 12 Դեկտեմբեր 2011 թուականին, իրաւաբան Ալի Էլպէյօղլուի միջոցաւ դատ բացած էր Ստանպուլի 13րդ Հիմնարար ատեանին մօտ՝ Սանասարեան խանի սեփականութեան իրաւունքի վերադարձուելուն համար։ Մեր դատը որքան որ ալ տեղական դատարանին կողմէ մերժուած ըլլայ, բեկման փուլին ի յայտ եկած էր մեր արդարութիւնը։ Վճռաբեկ ատեանի Ա. Իրաւական բաժանմունքը վճիռ արձակած էր՝ խանի սեփականութեան իրաւունքի վերադարձման ուղղութեամբ։ Բայց եւ այնպէս, սրբագրման փուլին Վճռաբեկ ատեանի Ա. Իրաւական բաժանմունքը յետքայլ ըրած էր իր իսկ արձակած վճիռէն ու վաւերացուցած՝ տեղական դատարանի որոշումը, ինչ որ յուսախաբութիւն ստեղծած էր։ Մեր սեփականութեան իրաւունքին դէմ կատարուած ոտնձգութեան կապակցութեամբ Սահմանադրական ատեանի մօտ կատարուած անհատական դիմումի գործընթացը տակաւին հասած չէ իր աւարտին։ Լիայոյս ենք, թէ Սահմանադրական ատեանը յետ ուսումնասիրութեան արդար ու խղճի յարիր վճիռ մը պիտի արձակէ։ Կը սիրենք յուսալ, թէ դատական գործընթացը այնպէս մը պիտի եզրափակուի, որ պատիւ պիտի բերէ մեր երկրի իրաւական համակարգին։ Բաց աստի, խանի ամբողջ հասոյթի՝ վաքըֆի նպատակին յարիր օգտագործման համար Պատրիարքութեանս յանձնուելուն ակնկալութեամբ, իրաւաբան Ալի Էլպէյօղլուի միջոցաւ, Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան մօտ կատարուած մեր դիմումը մնացած էր անպատասխան։ Այս պատճառով Անգարայի 14րդ Վարչական ատեանին մօտ 19 Յունիս 2019 թուականին բացուած դատն ալ տակաւին ուսումնասիրման փուլի մէջ կը գտնուի։

Այս առթիւ կու գանք հանրային կարծիքի նկատառման յանձնել, թէ Պատրիարքական Աթոռս անհրաժեշտ նախանձախնդրութիւնը կը ցուցաբերէ եւ պատկան իրաւական գործընթացը անմիջականօրէն կը հետապնդէ՝ մեր համայնքին տեսակէտէ պատմական կարեւորութեամբ Սանասարեան խանին եւ անոր վաքըֆի հիմնադրին՝ Մկրտիչ աղա Սանասարեանի կտակին տէր կանգնելու ուղղութեամբ։

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ