ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՏՆՕՐԷՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

lusavoricՊէյօղլուի Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի նորընտիր անդամները, գլխաւորութեամբ ատենապետ Յակոբ Սարաֆեանի եւ վարիչ Յակոբ Մամիկոնեանի, 15 Ապրիլ 2013, Երկուշաբթի, ժամը 10.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ նորակազմ տնօրէն խորհուրդի անդամներ փափաքած էին ներկայանալ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր, եւ ստանալ իր օրհնութիւնը։ Անոնք շնորհաւորեցին Նորին Սրբազնութեան Ս. Զատիկը եւ տեղեկութիւններ տուին իրենց այժմու գործունէութեանց ու իրենց ապագայի ծրագիրներուն մասին։ Դպրաց Դասու մեծամասնութիւնը կը բաղկանար երիտասարդ անդամներէ, որոնք կանոնաւորապէս կ՚աշխատէին եկեղեցական եւ աշխարհիկ երաժշտութեան։ Արտայայտուեցան, արտագոյ դպրաց դասու ծագում առած եւ դպրաց դասը հետաքրքրող հարցերու մասին։

Նորին Սրբազնութիւնը, շնորհաւորեց տնօրէն խորհուրդի անդամները եւ վստահութիւնը յայտնեց թէ նոր շրջանին եւս պատասխանատուութեամբ պիտի շարունակէին իրենց գործունէութիւնը։ Անգամ մը եւս գովասանքով արտայայտուեցաւ Լուսաւորիչ Երգչախումբի մասին, որուն կ՚անդամակցէին մեծամասնութեամբ երիտասարդներ։ Յիշեցուց նաեւ թէ Պատրիարքական Աթոռը պիտի ջանար լուծել տնօրէն խորհուրդի ներկայացուցած հարցերը։ Նորին Սրբազնութիւնը կարողութիւն մաղթեց դպրաց դասու անդամներուն, իրենց եկեղեցաշէն գործունէութեանց մէջ։