ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՏՆՕՐԷՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

11078265_447259642100591_5542564162831944849_oՊէյօղլուի Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի նորընտիր անդամները, 19 Մայիս 2015, Երէքշաբթի, ժամը 15.30-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ նորակազմ տնօրէն խորհուրդի անդամներ փափաքած էին ներկայանալ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր, եւ ստանալ իր օրհնութիւնը։ Անոնք, տեղեկութիւններ տուին իրենց այժմու գործունէութեանց ու ապագայի ծրագիրներուն մասին։ Այցելուները տեղեկացուցին թէ, Լուսաւորիչ Դպրաց Դասու հովանաւորութեամբ կը գործէր մանկանց երգչախումբ մը եւս, որ յառաջիկայ օրերուն համերգով պիտի ներկայանար երաժշտասէր հասարակութեան։

Նորին Սրբազնութիւնը, շնորհաւորեց տնօրէն խորհուրդի անդամները եւ վստահութիւնը յայտնեց թէ նոր շրջանին եւս պատասխանատուութեամբ պիտի շարունակէին իրենց գործունէութիւնը։ Սրբազան Հայրը կարողութիւն մաղթեց դպրաց դասու անդամներուն, իրենց գործունէութեանց մէջ։