ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՀԱՄԵՐԳԻ

Kategori: Համայնքային

13220678_579489925544228_774128806750240381_oՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 19 Մայիս 2016, Հինգշաբթի, ժամը 11.00-ին, Պատրիրարքարանի մէջ ընդունեց, Պէյօղլուի Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբի ներկայացուցիչները։

Այցելուներ յայտնեցին թէ՝ Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբի ենթակայ մանկանց խումբը, 11 Յունիս 2016, Շաբաթ, Ժամը 19.00-ին, Ս. Որդւոց Որոտման Եկեղեցւոյ մէջ, Արէտ Պօզթաշի մականին ներքեւ, համերգով մը պիտի ներկայանայ երաժշտասէր հասարակութեան։ Այս առթիւ, օրհնութիւնը խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռոյ։ Անոնք, տեղեկութիւններ փոխանցեցին նաեւ մանկանց խումբի համար մշակուած ծրագիրներու մասին, որոնց գլխաւորն էր՝ մանուկներու համար յատուկ դասընթացքներ կազմակերպել, անոնց սորուեցնելու համար երաժշտական գործնական գիտելիքներ։ Արամ Արքեպս., գնահատեց դպրաց դասու անդամները եւ մօտալուտ համերգի առթիւ իրենց յաջողութիւն մաղթեց։