ԽԱԽԱՄ ԱԼՕՆ ԿՕՇՀԷՆ-ԿՕԹՇԹԷԻՆԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԸ

Kategori: Միջկրօնական

st. eliahԵրուսաղէմի Ելիայ Միջկրօնական Ինստիտուտի տնօրէն եւ դասախօս՝ Խախամ Ալօն Կօշհէն-Կօթշթէին եւ կողակիցը՝ Թէրէս, 30 Յունուար 2013, Չորեքշաբթի, ժամը 12.30-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Այցելութեան  ներկայ էր նաեւ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան։

Հիւրերը յայտնեցին որ քաղաքս այցելութեան առթիւ փափաքած էին այլ համայնքներու նման, այցելել նաեւ Թուրքիոյ Հայոց հոգեւոր կեդրոն՝ Պատրիարքական Աթոռը։ Մտերմիկ զրոյցի ընթացքին, հիւրերը տեղեկութիւններ տուին 2014 թուականին կայանալիք միջ-կրօնական ժողովի մը մասին եւ սոյն ժողովին հրաւիրեցին Նորին Սրբազնութիւնը։

Նորին Սրբազնութիւնը բարի գալուստ մաղթեց ու տեղեկութիւններ տուաւ Թուրքիոյ Հայութեան անցեալին, համայնքային կառոյցին ու այժմու վիճակին մասին։ Ան, շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրերուն այցելութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց առաքելութեան մէջ։

Մէկ ժամուան սիրալիր այցելութեան աւարտին, հիւրերը հրաժեշտ առին Պատրիարքարանէն։