ԽՕԶԷ ՌՈՏՐԻԿԷԶԻՆ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական

jose rodriguesՓորթուկալցի գրող Խօզէ Ռոտրիկէզ, 12 Յուլիս 2013, Ուրբաթ, ժամը 11.00-ին, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիս. Աթէշեանի կողմէ։

Մեծայարգ հիւրը յայտնեց որ կը ծրագրէ Կիւլպենկեան ընտանիքի մասին գիրք մը պատրաստել։ Ան, եկած է Ստանպուլ աւելի ընդարձակելու համար իր պրպտումները, նաեւ փափաքած է այցելել Թուրքիոյ Հայոց հոգեւոր կեդրոնը,  թէ՛ տեղեակ պահելու համար սոյն աշխատասիրութեանց եւ թէ՛ տեղեկութիւններ ստանալու Կիւլպենկեան ընտանիքի Ստանպուլի կեանքի մասին։

Նորին Սրբազնութիւնը, մեծայարգ հիւրին բարի գալուստ մաղթելէ յետոյ շնորհաւորեց իր ծրագրին համար։ Սրբազան Հայրը հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց Կիւլպենկեան ընտնիքի մասին եւ յոյս յայտնեց թէ, աշխատութիւնը յաջողութեամբ պսակուի եւ հրատարակելի գիրքով օտարներ եւս աւելի մօտէն ծանօթանան Կիւլպենկեան ընտանիքին։