ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ 50-ԱՄԵԱԿԸ ՆՇԵԼՈՒ

Kategori: Համայնքային

734646_551434201683134_1992155212445907571_nՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 15 Մարտ 2016, Երեքշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Կազդուման Կայանի ներկայացուցիչները, մասնակցութեամբ՝ Կայանի Խնամակալութեան Ատենապետ Յարութիւն Քիւլէճիի, 50-ամեակի Յանձնախումբի Ատենապետ՝ Նաժտա Շատեանի եւ Կայանի Տնօրէն՝ Թամար Նէրկիզի։

Հիւրերը տեղեկացուցին թէ մօտակայ օրերուն կը պատրաստուէին հիմնարկի 50-ամեակը նշելու։ Այս ուղղութեամբ նախապէս կազմուած էր կարգադիր յանձնախումբ մը։ Այցելուները տեղեկութիւն տուին Կազդուրման Կայանի 50-ամեակի առթիւ մշակուած ծրագիրներու մասին եւ խնդրեցին, Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը։

Նորին Սրբազնութիւնը, սիրով ընդառաջեց եղած խնդրանքին, տարեդարձի տօնակատարութեանց սեմին կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց Կազդուրման Կայանի սպասաւորներուն, իրենց գործունէութեանց մէջ։