ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 11 Յուլիս 2020, Շաբաթ, ժամը 11.00-ին, Պատրիարքարանի ամարանոցի շէնքին մէջ ընդունեց Կազդուրման Կայանի Խնամատար մարմնի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ Ատենապետ Արի Չօլաքի։

 

Հիւրերը յայտնեցին, թէ Կազդուրման Կայանէ ներս այս տարի Քորոնա համավարակի պատճառաւ աշակերտներ պիտի չըլլային։ Սակայն անոնք, ընկերային հեռաւորութիւնն ու առողջապահական կանոնները նկատի ունենալով կը ծրագրէին շարք մը միջոցառումներով բաց պահել կայանի դռները։ Այս շրջագծով Պատրիարք Սրբազան Հօր տեղեկութիւններ փոխանցեցին եւ սոյն աշխատութեանց համար Իր օրհնութիւնը խնդրեցին։

 GAZTURMAN GAYAN YONETIM 2020

Նորին Ամենապատուութիւնը, ցաւ յայտնեց քանի Կազդուրման Կայանը այս տարի ակամայ պիտի զրկուէր մանուկներու ձայներէն։ Սակայն միեւնոյն ժամանակ մխիթարիչ էր հաստատութիւնը գործօն տեսնելը։ Այս առթիւ օրհնեց հաստատութեան պատասխանատուները եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։