ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՎԱՐԻՉՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Համայնքային

13667897_601509583342262_7232232886333944335_oՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 11 Յուլիս 2016, Երկուշաբթի, ժամը 14.00-ին Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց, Գնալը Կղզիի Կազդուրման Կայանի ներկայացուցիչները։

Այցելուներ, յայտնեցին թէ այս տարի Կազդուրման Կայանը կը տօնախմբէ իր հիմնադրութեան յիսնամեակը։ Անոնք, Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը խնդրեցին Կայանի 2016 տարեշրջանի պաշտօնական ամառնային եղանակի բացման հանդիսութիւններուն, որոնք տեղի պիտի ունենան 17 Յուլիս 2016, Կիրակի, Գնալը Կղզիի մէջ։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցանելի Ս. Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան պաշօնով պիտի յիշատակուին կայանի հիմնադիրներ Երջանկայիշատակ Գարեգեն Ա. եւ Շնորհք Պատրիարքները, բարերարները եւ սպասաւորները։ Ապա, հարակից Ճամպազեան Խաղավայրի մէջ տեղի պիտի ունենայ սիրոյ սեղան։ Հիւրերը, տեղեկութիւններ տուին պատրաստութեան աշխատանքներու եւ ծրագիրներու մասին ու հրաւիրեցին Փոխանորդ Սրբազանը հոգեւոր ու աշխարհիկ հանդիսութեանց։

Արամ Արքեպս., սիրով ընդառաջեց եղած խնդրանքին եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց Կազդուրման Կայանի անդամներուն։