ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ – ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ. ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Kategori: Միջեկեղեցական

katolikos badriark (13)Ն. Ա. Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ.  Կաթողիկոս-Պատրիարք Կաթողիկէ Հայոց, 16 Սեպտեմբեր 2014, Երեքշաբթի, ժամը 10.30-ին այցելեց Պատրիարքարան։

Հոգեւոր Տիրոջ կ՚ընկերանային Ստանպուլի Կաթողիկէ Հայոց Առաքելական Կառավարիչ Արհ. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեան, Արհ. Տ. Գէորգ Արք. Խազումեան, Հալէպի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհ. Տ. Պետրոս Արքեպս. Միրիաթեան, Աղէքսանդրիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհ. Տ. Գրիգոր Օգոստինոս Արքպես. Գուսանի  եւ միաբաններ։ Արարողութեան մասնակցեցան Պատրիարքական Աթոռոյ Միջեկեղեցական – Միջկրօնական յարաբերութիւններու վարիչ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, Հոգշ. Տ. Տ. Զատիկ եւ Շնորհք Աբեղաներ, քահանայ հայրեր, համայնքային եւ թաղային հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ։

Հոգեւոր Տէրը, Աթոռանիստ Մայր Տաճարը մուտքին դիմաւորուեցաւ, զոյգ զանգակներու ղողանջներով եւ«Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ։ Ապա կազմուեցաւ հանդիսաւոր թափօր ու հիւր հովուապետը եւ իր հետեւորդները «Հրաշափառ»ի արարողութեամբ առաջնորդուեցան Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճար, ուր դիմաւորուեցան Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի կողմէ։ Նորին Սրբազնութիւնն ու Հոգեւոր Տէրը ողջագուրուելէ յետոյ կատարուեցաւ սաղմոսասացութիւն եւ գոհաբանական աղօթք, որուն աւարտին հիւր հովուապետը իր օրհնութիւնը տուաւ հոգեւոր դասուն եւ ներկայ հաւատացեալներուն։ Միասնաբար երգուած Տէրունական Աղօթքով իր աւարտին հասաւ դիմաւորման արարողութիւնը։ Հոգեւոր արարողութենէն յետոյ թափօրը, «Կենդանարար Աստուած» շարականի երգեցողութեամբ, հիւր հովուպետը առաջնորդեց Պատրիարքարանի դահլիճը։

Ընդունելութեան  եւս ներկայ եղան հոգեւորականաց դասու անդամները, համայնքային եւ թաղային հաստատութիւններու ներկայացուցիչները։

Սահակ Եպիսկոպոս յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ հոգեւորականաց դասուն եւ համայնքային մարմիններուն, Հոգեւոր Տիրոջ բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայոց Ազգային Պատրիարքարան կատարած շնորհաբեր այցելութեան համար։ Նորին Սրբազնութիւնը իր խօսքին մէջ ըսաւ.

katolikos badriark (8)«Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, անձամբ կը փափաքէր ողջունել Ձեր օրհնաբեր ներկայութիւնը, սակայն ինք կարեւոր ժողովներու մասնակցելու համար մեկնած է Մայր Աթոռ։ Հետեւաբար նուաստիս համար պատիւ եւ ուրախութիւն կը համարեմ Ձեզ ողջունել Պատրիարքարանի մէջ։ Դուք քաղաքս եկած էք կարեւոր առաքելութեամբ մը, օժտելու համար Ստանպուլի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ անդամները նոր առաջնորդով մը, յանձին  Լեւոն Արքեպս. Զէքիեանի։ Ձեր այս պատմական առաքելութիւնը ուրախառիթ է նաեւ մեր համայնքին համար։ Լեւոն Արքեպս.ը անծանօթ դէմք մը չէ Ստանպուլահայութեան համար։ Ան, այժմ կը վերադառնայ իր ծննդավայրը։ Իր վերադարձով Իտալիան կը կորսնցէ, իսկ Պոլիսը կը շահի մտաւորական հոգեւորական մը։ Հայ Առաքելական եւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիները, ներկայիս կը գործեն որպէս նոյն ծառին երկու ճիւղերը։ Այդ ծառին բունը եւ արմատը նոյնինքն Քրիստոսն է։ Ներկայիս երբ կը խօսինք միջեկեղեցական բարւօք յարաբերութեանց մասին, արդէն իսկ կը տեսնենք թէ Հայ Առաքելական եւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիները կը գործակցին նոյն դաշտին մէջ, նոյն հաւատքի վկայութեան եւ Հայ Ժողովուրդին հոգեւոր վերելքին համար։ Անցեալին, դժբախտ դէպքեր պատահած եւ իրենց անդրադարձը ունեցած են երկու եկեղեկիներու հաւատացեալներուն առօրեայ կեանքին վրայ։ Այսօր երբ կը նային այդ բոլորին, կ՚ըսենք թէ, եթէ մենք մեր հայրերուն տեղը ըլլայինք, այդպէս չէինք վարուեր իրարու հետ։  Վստահ եմ թէ այս բարւօք յարաբերութիւնները ապագային պիտի զօրանան նոյն հաւատքով եւ բարի կամեցողութեամբ, մանաւանդ սիրով։ Այսօր միջին արեւելքի մէջ Քրիստոնեայ համայնքներ ունին լուրջ նեղութիւններ։ Մենք կ՚աղօթենք բոլորին համար։ Աստուած իր զօրութեամբը միջամտէ քարացած միջավայրերէ ներս եւ Աստուածային արդարութիւնը, սէրը եւ ողորմութիւնը հաստատուի ամէնուրէք։

Այս քաղաքին մէջ ունինք կրօնական, կրթական, բարեսիրական եւ մշակութային հաստատութիւններ։ Վերջին տասնամեակներուն մեր համայնքային հաստատութիւնները սկսան գործել աւելի լաւ պայմաններու մէջ, վերստացուած կալուածներուն եկամուտներով։ Այդ բոլորը կ՚իրականանան Թուրքիոյ Հանրապետական Պետութեան շնորհիւ։ Այս բոլորին առընթեր, մենք ունինք մեր ցաւը, որ է մեր հոգեւոր պետին Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Սրբազան Պատրիարք Հօր հիւանդութիւնը։ Կ՚աղօթենք հրաշքի ակնկալութեամբ եւ կը խնդրենք որ դուք եւս աղօթակցիք մեզի»։

Իր խօսքերու աւարտին, Նորին Սրբազնութիւնը, ի յիշատակ սոյն այցելութեան Հոգեւոր Տիրոջ նուիրեց Կարօ Քիւրքմանի հեղինակած՝ Հայ Նկարիչներու կենսագրութեան եւ գործին նուիրուած երկհատոր աշխատասիրութիւնը։

Ապա խօսք առաւ Ն. Ա. Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոսը-Պատրիարքը, իրեն ընծայուած ջերմ ընդունելութեան համար խորին շնորհակալութիւնները յայտնեց ներկաներուն հետեւեալ կերպով.

katolikos badriark (9)«Յուզումը ունիմ այս պատմական հոգեւոր կեդրոնին երդիքին տակ գտնուելու։ Այս հոգեւոր կեդրոնը եւ յետագային՝ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը միասնաբար գործեցին այս քաղաքին մէջ։ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը ապա փոխադրուեցաւ Լիբանան, Զմմարու Պատմական Վանքը, սակայն զոյգ հոգեւոր կեդրոններու առաքելութիւնը չդադրեցաւ երբեք։ Ցարդ կը շարունակուի նոյն թափով։ Հայ Ժողովուրդը Քրիստոսի Յարութեան հաւատացած է սրտովին, ինչպէս նաեւ լուսաւորուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի հաւատքով։ Ինչպէս Սրբազան Հայրը ըսաւ, Քրիստոսի հաստաբուն ծառին ճիւղերն ենք մենք։ Այդ ճիւղերը իրենց հաւատքի վկայութիւնը տուին։ Ամեն տարի երբ Ս. Վարդանանց Զօրավարաց յիշատակութիւնը կը կատարենք, կը տեսնենք թէ Հայ Ժողովուրդը իր հաւատքով յաղթած է թշնամիին։ Այս հաւատքով, հեթանոսութիւնը շիջաւ եւ միշտ վառ մնաց Քրիստոսի Աւետարանին ջահը։ Այսօր, մեր եկեղեցիները ի սփիւռս աշխարհի պարտականութիւնը ունին առաքեալքներ դառնալու եւ մեր ընտանեկան յարկերէն ներս քարոզելու Քրիտոիէական հաւատքը։ Առաքեալը միայն կղերականը չէ, այլ իւրաքանչիւր մկրտուած քրիստոնեայ։ Մենք, հերաւոր Լիբանանէն եկանք կարեւոր առաքելութեամբ, մեր մօտ ունենալով Հալէպի եւ Աղէքսանդրիոյ Կաթողիկէ Հայոց առաջնորդները, կատարելու համար պատմական ձեռնադրութիւն մը։ Վստահ ենք որ նորօծ Սրբազանը, իր կարելին ի գործ պիտի դնէ աշխուժացնելու համար Ստանպուլի Հայ Կաթողիկէ համայնքը։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք, այս ջերմ ընդունելութեան համար։ Մանաւանդ, շնորհակալութիւններ Արամ Արքեպս.ին, որ իր հետեւորդներով ներկայ գտնուեցաւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան արարողութեան։

Սիրելի Սրբազան եւ հոգեւոր եղբայրներ, կը վստահեցնենք նաեւ թէ մենք եւս աղօթող պիտի մնանք Պատրիարք Սրբազան Հօր առողջութեան համար»։

Ապա Հոգեւոր Տէրը, իր հետեւորդներն ու բոլոր հրաւիրեալները հիրասիրուեցան լիքէօրով եւ տուրմով։

Աւելի վերջ, իր սրտի խօսքը արտասանեց նորօծ Արհ. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեանը եւ «Քիչ առաջ երբ «Հրաշափառ»ի արարողութիւնը կը կատարուէր, յիշեցի ձեռնադրութեանս օրուայ արտայայտութիւնս։ 18րդ դարու սկիզբը այս քաղաքին մէջ Յովհաննէս Կոլոտ Բաղիշեցի Պատրիարքը հիացող մըն էր Մխիթար Աբբահօր։ Ան, ողջունած էր Աբահօր կատարած տպագրական առաքելութիւնը եւ զայն անոր գովասանքով արտայայտուած էր Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ։ Իր յաջորդներէն Յակոբ Նալեան Պատրիարք, մանաւանդ Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեան կարեւոր ներդրում ունեցան Հայ ազգի զարգացման եւ վերելքին համար։

Կը մտածեմ թէ, Հայ ժողովուրդը լաւագոյնս չէ կրցած գնահատել Մաղաքիա Պատրիարքի վաստակը։ Դարձեալ կը մտածեմ թէ Հայ Ժողովուրդը եթէ կը փափաքի իր նեղութիւններէն ձեռբազատուիլ, պէտք է չափու եւ կշիռի գաղափառը զարգացնէ։ Այս ուղղութեամբ ալ պէտք է Նարեկ կարդայ։ Մեր մամիկները, գրաբար Նարեկը կը կարդային, իրաւ է որ չէին հասկնար, սակայն հակառակ անոր ողբերգութեան մատեանը իր հրաշալի պարունակութեամբ կը զարգացնէր հաւատացեալներու բարեպաշտութիւնը։ Նարեկը բացատրելու համար, Յակոբ Նալեան Պատրիարք, Գաբրիէլ Վրդ. Աւետիքեան, ունեցան աշխատութիւններ։ Մանաւանդ Յակոբ Նալեան Պատրիարք իր աշխատութիւնը ամենայն խոնարհութեամբ կը ներկայացնէր, բարձր պահելով Ս. Գրիգոր Նարեկացիին աղօթամատեանին արժէքը։ Այսօր երբ կը տիրանանք աւելի լաւ պայմաններու, ի մտի պէտք է ունենանք մեր չափը գիտնալ ու մեր ձեռքը եղած արժէքները պահպանել։ Այս առթիւ անգամ մը եւս շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք խնդակից եղան ինծի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեանս եւ օծմանս առիթով» ըսաւ։

Այնուհետեւ հիւր հովուապետը հրաժեշտ առաւ Պատրիարքարանէն։

 

  • katolikos badriark (1)
  • katolikos badriark (2)
  • katolikos badriark (3)
  • katolikos badriark (4)
  • katolikos badriark (5)
  • katolikos badriark (6)
  • katolikos badriark (7)
  • katolikos badriark (8)
  • katolikos badriark (9)
  • katolikos badriark (10)
  • katolikos badriark (11)
  • katolikos badriark (12)
  • katolikos badriark (13)
  • katolikos badriark (14)