ԿԱՊՈՅՏ ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Փաստաթուղթեր

Gabuyd HreşdagՍ. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի «Կապոյտ Հրեշտանկներ» անուանեալ տիկնանց կազմի անդամները, 22 Յունուար 2015, Հինգշաբթի, ժամը 11.00ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան։

Տիկիններ, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան Տաղաւարին առթիւ փափաքած էին շնորհաւորել Նորին Սրբազնութիւնը։ Ընդունելութեան ընթացքին անոնք տեղեկութիւններ տուին նաեւ իրենց աշխատանքներուն մասին։ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն շնորհաւորական այցելութեան համար եւ մաղթեց որ Նոր Տարիին, նոր եռանդով ու թափով շարունակեն իրենց ծառայութեան։

Այցելութեան աւարտին Սրբազան Հայրը իր օրհնութիւնը տալով նուռ բաժնեց տիկիններուն։