ԿԱՐՄԻՐ ՄԱՀԻԿԻ 137-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Kategori: Աշխարհական

62Թրքական Կարմիր Մահիկի հիմնադրութեան 137-րդ տարեդարձիտօնակատարութիւնը շքեղ ընդունելութեամբ մը տեղի ունեցաւՏոլմապահչէ պալատի պարտէզներուն մէջ, ուր ներկայ էին ՆերքինԳործոց Նախարար Ապտիւլքատիր Աքսու, Պետական ԳանձիՆախարար Քէմալ Ունաքըթան, Ստանպուլի Կուսակալ ՄուամմէրԿիւլէր, Ստանպուլի Ապահովութեան Տնօրէն Ճէլալէտտին Ճէրրահ,երեսփոխաններ, բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, դեսպաններ,հոգեւոր պետեր, գործի ու արուեստի կեանքէ հանրայայտ անձեր։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին, ընդունելութեան Հայ համայնքէններկայ եղան Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի ՀոգաբարձութեանԱտենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ կողակիցը, Հոգաբարձութեանանդամներէն Հերման Պալեան, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր ԼուսաւորիչԵկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական Վարժարանի Խնամակալութեան Ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան։ Նոյն գիշեր, յանուն ՊատրիարքականԱթոռոյ, Դիւանապետ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւԵրէցկինը մասնակցեցան պաշտօնական ընթրիքին։

Ընդունելութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը զրոյցներունեցաւ զոյգ նախարարներու, Կարմիր Մահիկի Նախագահ ԹէքինՔիւչիւքալիի, ԱՄՆ-ի Ստանպուլի Աւագ Հիւպատոս Տէյվիտ Արնէթի եւԱՔՈՒԹ հիմնարկի Նախագահ նասուհ Մահրուքիի հետ։

Թրքական Կարմիր Մահիկը հիմնուեցաւ 1877ին, որու հիմնադրութեանգործընթացին զանազան պաշտօնարաններէն որպէս ներկայացուցիչ մասնակցեցան հետեւեալ հայազգի հայրենակիցները. ԲժշկականՎարժարանէն՝ Տքթ. Սերվիչէն Էֆէնտի, Զինուորային Բժշկական Վարժարանէն՝ Ստեփան Փաշա, Կայսերական Բժշկական Միութենէն՝ Տքթ. Յովսէփ Նուրիճան եւ Տքթ. Տիգրան Փէշտէմալճեան, Ծովային Նախարարութենէն՝ Սեւեան Պէյ։

63Կարմիր Մահիկի առաջին Կեդրոնական Մարմնին անդամներուն մէջէին նաեւ Պետական Խորհուրդի անդամներէն Նուրեան Էֆէնտի որպէսփոխ-ատենապետ, Տքթ. Տիգրան Փէշտէմալճեան եւ Սերվիչէն էֆէնտիորպէս խորհրդական անդամ։

Կարմիր Մահիկը կազմուած էր Օսմանեան-Ռուս Պատերազմիընթացքին ծառայութեան համար։ Այս պատճառաւ պատերազմի աւարտին լուծուեցաւ։ 1897-ին վերակազմուեցաւ։ Այսվերակազմութեան ընթացքին, որպէս հիմնադիր անդամներ կըհանդիպինք Արտաքին Գործոց նախկին նախարարներէն Գաբրիէլ Նորատունկեանի, Հանրային Շինութեանց նախկին նախարար Հալաճեան Էֆէնտիի, երեսփոխան Գրիգոր Զօհրապի, լրագրող Տիրան Քէլէկեանի եւ այլ հայազգի հայրենակիցներու։