ԿԵՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՓՈՂՈՑԻՆ ՄԷՋ ԿՐԱԿՈՒՄ

Kategori: Աշխարհական

Կետիկփաշայի Հայոց Եկեղեցւոյ փողոցին մէջ 05 Մայիս 2013, Կիրակի օր կատարուած կրակումի լուրերը տեղ գրաւել սկսած են մամլոյ սիւնակներուն մէջ։

Առաջին հերթին հրապարակուած են զանազան լրատուութիւններ՝ ըստ որոնց  Պատրիարքարանի եւ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ վրայ գործուած է զինեալ յարձակում։

Իրականութիւնը այն է, թէ Պատրիարքարանի եւ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ վրայ զինեալ յարձակում մը չէ գործուած։ Ըստ թաղային խորհուրդէն ստացուած տեղեկութեանց դէպքը պատահած է Կետիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ փողոցին մէջ, Կիրակի միջօրէին։ Դատարկապորտ անձեր, երկու կամ երեք հոգի, օդին մէջ կրակելով անցած են փողոցէն։ Տակաւին յայտնի չէ դէպքը եկեղեցւոյ հետ կապ ունի՞ եւ կամ ոչ։ Ապահովութեան ուժերը քննարկումներու սկսած էն յանձագործին եւ կամ յանձագործերու ինքնութիւնը ստուգելու ու օրինական հետապնդման ձեռնարկելու համար։