ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

12365888_516946961798525_6182080789836945982_oԿէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ ատենապետ՝ Յարութիւն Շանլըի, 10 Դեկտեմբեր 2015, Հինգշաբթի, ժամը 16.30ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը այս տարի պիտի կատարուի 27 Դեկտեմբեր 2015, Կիրակի առաւօտ։ Այցելուները, եկեղեցւոյ մէջ կատարուած աշխատանքներու մասին տեղեկութիւններ տուին ու օրուան կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց համար խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը։ Այցելուներ տեղեկութիւն տուին նաեւ եկեղեցւոյ հետ առնչուած կալուածական զարգացումներու մասին։

Նորին Սրբազնութիւնը կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց այցելուներուն, իրենց գործունէութեանց մէջ։