ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

IMG_4132Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 15 Դեկտեմբեր 2016, Ուրբաթ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը։

Այցելուներ յայտնեցին, որ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը այս տարի պիտի կատարուի 31 Դեկտեմբեր 2017, Կիրակի առաւօտ։ Յայտնեցին թէ, ամէն տարի կատարուած այս տօնախմբութիւնը համայնքային շրջանակներէ ներս, կը դառնար նաեւ տարեվերջի հանդիսութեան մը։ Օրուան կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց համար խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը եւ Տեղապահ Սրբազան Հայրը հրաւիրեցին հանդիսութեանց։ Հիւրերը յայտնեցին թէ, Հայութենէ ամայացած այս թաղը, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին եւ թաղային խորհուրդին համատեղ աշխատութեամբ, ինչպէս ամէն Կիրակի կանոնաւորապէս կը հիւրընկալէ հաւատացեալ ժողովուրդը։

Տեղապահ Սրբազան Հայրը, ուրախութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ պայծառութեան ի նպաստ մատուցուած ծառայութեան մասին լսելով։ Գնահատելի էին այն աշխատութիւններըը, որոնցմով ամէն Կիրակի եկեղեցի կը փութային հաւատացեալները։ Նորին Սրբազնութիւնը կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց այցելուներուն, իրենց գործունէութեանց մէջ։