ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

gedikpasaԿէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ ատենապետ՝ Յարութիւն Շանլըի, 11 Դեկտեմբեր 2014, Հինգշաբթի, ժամը 10.00ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը այս տարի պիտի կատարուի 28 Դեկտեմբեր 2014, Կիրակի առաւօտ։ Այցելուները, եկեղեցւոյ մէջ կատարուած աշխատանքներու մասին տեղեկութիւններ տուին ու օրուան կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց համար խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը։

Նորին Սրբազնութիւնը սիրով ընդառաջեց եղած խնդրանքին։ Կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամներուն, իրենց Աստուածահաճոյ գործունէութեանց մէջ։