ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ Ս. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ. ԴՊՐԱԿԱՆ ԱՍՏԻՃԱՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ՈՒՐԱՐԻ ՏՈՒՈՒՉՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

10891776_10205902444625938_4181039475942594551_nԿէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը նշուեցաւ 28 Դեկտեմբեր 2014, Կիրակի, հանդիսապետութեամբ՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի։

Ս. Պատարագը մատոյց՝ Հոգշ. Տ. Զատիկ Աբղ. Պապիկեան, ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Զուարթնոց Դպրաց Դաս Երգչախումբի անդամներու կողմէ։

Նախ քան Տէրունական Աղօթքը, Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպիսկոպոս, դպրական աստիճաններու տուուչութիւնը կատարեց, խարտաւիլակութեամբ՝ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի։

10881640_10205902434465684_4341337210571541916_n10891569_10205902439105800_6255716244931260219_nԴպրութեան չորս աստիճաններ ստացան՝ Գողթան Դպրաց Դասու անդամ՝ Էրքան Գրիգոր Կարապետեան, Վառվառեան Դպրաց Դասու անդամ՝ Երուանդ Չիղտէմ, Զուարթնոց Դպրաց Դասու անդամներ՝ Անթօ Ավճու, Մայքըլ Թաշ, Վահան Նարսուս, Օննօ Թափուճու, Քառասուն Մանկանց Դպրաց Դասու անդամ՝ Արտա Սիմքէշեան, Նարեկացի Դպրաց Դասու անդամներ՝ Ալփէր Գէպապճը, Յակոբ Գէօքմէճեան եւ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցիէն՝ Յակոբ Չավուշեանն ու Խաչիկ Ներսէսօղլուն։

Սրբազան Հայրը գնահատելով նաեւ Բրկ. Տարօն Դպ. Մարտիկեան եւ Բրկ. Սեւան Դպ. Մըղտըսը, իրենց շնորհեց ուրարակրութեան արտօնութիւն։