ԿԸ ՅԻՇԵՆՔ ՄԵՐ ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏՆԵՐԸ

Kategori: Կրօնական,Փաստաթուղթեր

156387383_1790599937766548_4096296317795691209_oԻրենց վախճանման տարելիցին առթիւ մասնաւոր Հոգեհանգստեան Պաշտօնով պիտի յիշատակուին Պատրիարքական Աթոռոյս 82րդ, 83րդ եւ 84րդ գահակալները՝ Շնորհք Պատրիարք Հայրը, Գարեգին Բ. Պատրիարք Հայրը եւ Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հայրը։

4 Մարտ 2021, Հինգշաբթի առաւօտ, ժամը 10.30-ին, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւրիչ Եկեղեցւոյ մէջ Հոգեհանգստեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի, զոր յառաջիկայ Կիրակի առաւօտ, 7 Մարտ 2021, պիտի տեսասփռուի Աթոռոյս «facebook»ի եւ Լրաբերի «youtube»ի էջերէն։ Կը յիշեցնենք, որ Ս. Պատարագին կը գործադրուին Քորոնա Համավարակի սահմանափակումները եւ չարտօնուիր եկեղեցւոյ տարողութենէն (50 անձ) աւելի թիւով ժողովուրդին մուտքը։

Բաց աստի, 8 Մարտ 2021, Երկուաշբթի, ժամը 14.00-ին, Շիշլիի Ազգ. Գերեզմանատան մէջ, երանաշնորհ հովուապետներու դամբարաններուն առջեւ, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ Հոգեհանգստեան Կարգ պիտի կատարուի։

Հարկ է յիշեցնել թէ՝ Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարք Հայրը վախճանած էր 7 Մարտ 1990-ին, Գարեգին Բ. Պատրիարք Հայրը՝ 10 Մարտ 1998ին, իսկ Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հայրը՝ 8 Մարտ 2019ին։