ԿՂԶԵԱՑ ՄԵՏՐՈՊՈԼԻՏ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՎԱԽՃԱՆԵՑԱՒ

Kategori: Եկեղեցական,Միջեկեղեցական

ԿՂԶԵԱՑ ՄԵՏՐՈՊՈԼԻՏ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՎԱԽՃԱՆԵՑԱՒ

 

Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Կղզեաց Մետրոպոլիտ եւ սիրուած անձնաւորութիւն՝ Գերշ. Տ. Եաքովոս Արքեպս. Սօֆրօնտիաս յետ կարճատեւ հիւանդութեան վախճանեցաւ։

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 31 Մարտ 2018, Շաբաթ, Մեծ Կղզիի Այա Տիմիթրի Եկեղեցւոյ մէջ՝ հոծ բազմութեան մը ներկայութեան։ Եկեղեցական ու քաղաքական դէմքերուն առընթեր ներկայ էր նաեւ ժողովուրդի մեծ բազմութիւն մը։

YAKOVOS

Արարողութեան նախագահեց Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթողոմէոս Պատրիարքը։ Յանուն Հայ Պատրիարքական Աթոռոյ ներկայ գտնուեցաւ Աթոռոյս Լուսարարապետ Գերպտ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան ու Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի ցաւակցութիւնը փոխանցեց Յունաց Բարթողոմէոս Պատրիարքին։ Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդն ալ ուղարկած էր ծաղկեպսակ մը։