ԿՈԼՈՏ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԱՆՈՒԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ՃԱՆԱՉՈՒԱԾ

Kategori: Կարճ լուրեր

MUZEՊատրիարքական Աթոռոյ Երանաշնորհ գահակալներէն Յովհաննէս Թ. Բաղիշեցի Կոլոտ Պատրիարքի անուան ձօնուած թանգարանը պաշտօնական ճանաչում ստացաւ։

Կատարուած պաշտօնական ձեւակերպութեանց աւարտին, պատկան իշխանութիւններ Կոլոտ Պատրիարքի Անուան Թանգարանի Տեսուչ՝ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի յանձնեցին պաշտօնագիրը։

Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. 28 Մայիս 2015, Հինգշաբթի միջօրէին, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանին յանձնեց պաշտօնագիրը։

Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց երկար սպասումէ ետք ստացուած սոյն պաշտօնագրին համար եւ շնորհաւորեց պատասխանատուները, մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ։

ԹԱՆԳԱՐԱՆ
http://www.turkiyeermenileripatrikligi.org/site/hy/%d5%a9%d5%a1%d5%b6%d5%a3%d5%a1%d6%80%d5%a1%d5%b6-%d5%ba%d5%a1%d5%bf%d6%80%d5%ab%d5%a1%d6%80%d6%84%d5%b8%d6%82%d5%a9%d5%ab%d6%82%d5%b6/