ԿՈՉ ՄԵՐ ՀԱ­ՄԱՅՆ­ՔԻՆ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

ԿՈՉ ՄԵՐ ՀԱ­ՄԱՅՆ­ՔԻՆ

Մեր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու յար­գար­ժան ղե­կա­վար­ներ եւ մե­րազն հա­մայն­քի սի­րե­ցեալ ան­դամ­ներ,

Պատ­րիար­քա­րա­նի նո­րաս­տեղծ Խորհր­դակ­ցա­կան մար­մի­նը մեր հա­մայն­քա­յին կեան­քը ընդ­հա­նուր ար­ժե­ւո­րու­մի մը են­թար­կած է իր անդ­րա­նիկ նիս­տին ժա­մա­նակ ու միա­ձայ­նու­թեամբ յար­մար դա­տած՝ հե­տե­ւեալ պա­րա­գա­նե­րը յանձ­նել հան­րա­յին կար­ծի­քի ու­շադ­րու­թեան.

ա- Թրքա­հայ հա­մայն­քը շուրջ տասն տա­րիէ ի վեր ար­տա­սո­վոր շրջան մը կը բո­լո­րէ։ Նոր պատ­րիար­քի մը ո­րո­նում­նե­րով բնո­րոշ այս գոր­ծըն­թա­ցը ի յայտ բե­րած է տագ­նապ­ներ ու ցնցում­ներ։ Մեր բո­լո­րին ծա­նօթ պա­րա­գա­նե­րէ վերջ, վեր­ջին ա­ւե­լի քան մէկ տա­րուան ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծին թափ ստա­ցած լա­րուա­ծու­թիւն­նե­րը մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քը դուրս բե­րած են իր բնա­կա­նոն հու­նէն։ Այ­սօր այ­լեւս ժա­մա­նակն է այս բե­ռը թօ­թա­փե­լու, յո­ռե­տես մթնո­լոր­տը փա­րա­տե­լու ու մեր ճա­նա­պար­հը շա­րու­նա­կե­լու նոր ե­ռան­դով ու հա­ւատ­քով։ Խորհր­դակ­ցա­կան մար­մինն ալ յանձ­նա­ռու է հե­տա­մուտ ըլ­լալ մեր բո­լոր խնդիր­նե­րու լուծ­ման, ի մաս­նա­ւո­րի առ­կա­խեալ ընտ­րա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րը։

բ- Ան­ցեալ տասն տա­րի­նե­րու ա­ռար­կա­յա­կան ար­ժե­ւո­րու­մը մեր բո­լո­րին առ­ջեւ կը դնէ հա­մայ­նա­պատ­կեր մը, որ­մէ պէտք է դա­սեր քա­ղենք։ Մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քը հա­սած է ան­դա­մա­լու­ծուե­լու սե­մին։ Ե­կած է ժա­մա­նա­կը, որ­պէս­զի այս բո­լո­րէն անհ­րա­ժեշտ դա­սե­րը քա­ղենք եւ ա­ռանց սխալ­նե­րը կրկնե­լու այ­լեւս անց­նինք ա­ռաջ։

Մեր հա­մայն­քը նոր պատ­րիարք մը ընտ­րե­լու բուռն փա­փա­քը ու­նե­նա­լով հան­դերձ, դժբախ­տա­բար չէ կրցած հաս­նիլ նպա­տա­կին։ Իւ­րա­քան­չիւր ձա­խող փորձ տե­ղի տուած է նոր հիաս­թա­փու­թեան, ծնունդ տուած է մեր հա­ւա­քա­կա­նու­թե­նէն ներս զայ­րոյ­թի եւ հա­կազ­դե­ցու­թեան ա­լիք­նե­րու, սա­կայն մեր հա­մայն­քին հա­մար չէ կրցած ա­պա­հո­վել նոր պատ­րիարք մը։ Ընտ­րու­թիւ­նը բո­լո­րին փա­փաքն է, սա­կայն ա­ռանց անհ­րա­ժեշտ գե­տի­նը ստեղ­ծե­լու, ա­ռանց պայ­ման­նե­րու գո­յաց­ման միայն փա­փա­քիլ, միայն պա­հան­ջե­լը ան­բա­ւա­րար է։ Այ­սօր այ­լեւս ակն­յայտ է նոր պատ­րիարք մը ընտ­րե­լու նա­խա­պայ­մա­նը. փո­խա­դարձ սի­րոյ ու յար­գան­քի հի­ման վրայ քոն­սեն­սիւս մը։ Բո­լորս պէտք է ըմբռ­նենք այս բա­նը եւ ըստ այդմ եզ­րեր ճշդել։

գ- Այս ճշմար­տու­թեան մեկ­նա­կէ­տով՝ նոր պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան հաս­կա­ցու­թիւ­նով մը պար­տա­ւոր ենք որ­դեգ­րել մեր ուղ­ղու­թիւ­նը։ Պէտք է սկիզբ տանք շրջա­նի մը, ուր վերջ պի­տի գտնեն ա­մուլ հա­կազ­դե­ցու­թիւն­նե­րը, հե­ռու պի­տի մնանք բա­րո­յա­գի­տա­կան հաս­կա­ցու­թիւն­նե­րէ դուրս մե­ղադ­րա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րէ ու բո­լորս պի­տի դրսե­ւո­րենք զո­հո­ղու­թեան կամք։ Մեր հա­մայն­քի բո­լոր մար­մին­նե­րը պէտք է զար­գաց­նեն նոր ո­գի մը, ո­րով բո­լո­րը զի­րար պի­տի վե­րա­վար­կա­ւո­րեն, ի­րա­րու հա­ւա­քա­կան հե­ղի­նա­կու­թեան նկատ­մամբ յար­գան­քը պի­տի վե­րա­հաս­տա­տեն՝ ա­ռանց ի­րա­րու ի­րա­ւա­սու­թեան ու պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան սահ­ման­նե­րը խախ­տե­լու, ան­տե­ղի ազ­դե­ցու­թեան պայ­քար­նե­րու, հե­ռու մնա­լով ա­պա­տե­ղե­կա­տուու­թիւն­նե­րէ ու գի­տա­կից՝ մեր հա­սա­րա­կաց մի­ջոց­նե­րու ար­ժէ­քին։ Մեր կոչն է ու մաղ­թան­քը՝ յա­ռա­ջի­կայ Սուրբ Զատ­կի տօ­նը այս ա­ռու­մով դառ­նայ նոր սկիզբ մը։

դ- Ընտ­րա­կան ճգնա­ժա­մի յաղ­թա­հար­ման հա­մար անհ­րա­ժեշտ է, որ հասկ­նա­լի դառ­նան մե­րազն հա­մայն­քի իւ­րա­քան­չիւր ան­դա­մին վի­ճա­կած պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւնն ու զո­հո­ղու­թիւ­նը։ Անհ­րա­ժեշտ են նաեւ լայ­նա­խա­րիսխ հա­մա­ձայ­նու­թիւն մը, հա­մընդգր­կուն տրա­մա­բա­նու­թիւն մը եւ հա­մա­տա­րած ներ­դաշ­նա­կու­թեան մը ա­պա­հո­վուի­լը։ Այս ա­ռու­մով ծայր աս­տի­ճան կա­րե­ւոր է նաեւ մեր հա­մայն­քա­յին մա­մու­լին դե­րը։ Ոե­ւէ մէ­կէն պէտք չէ ակն­կա­լել, որ ձայ­ն չբարձրացնէ։ Ընդ­հա­կա­ռակն, զգա­լի է կա­րի­քը՝ ա­ռողջ ու շի­նիչ, էմ­փա­թիի վրայ խարս­խուած վի­ճա­բա­նու­թեան մթնո­լոր­տի մը, ուր ա­մէն մարդ պի­տի կա­րե­նայ ա­զա­տօ­րէն ար­տա­յայ­տել իր կար­ծի­քը։ Մաս­նա­ւո­րա­պէս պէտք է այս գոր­ծըն­թա­ցին ցո­լա­նայ ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու վրայ ստեղ­ծուած աշ­խու­ժու­թիւ­նը։ Միւս կող­մէ, պէտք չէ ան­տե­սուի, որ մեր հա­ւա­քա­կա­նու­թե­նէն ներս գո­յու­թիւն ու­նի լուռ մե­ծա­մաս­նու­թիւն մը։ Այդ տա­րա­ծուն հա­տուած­նե­րու կող­մէ ցու­ցա­բե­րուած համ­բե­րու­թիւ­նը մե­ծա­գոյն ե­րաշ­խիքն է՝ մեր հա­ւա­քա­կա­նու­թեան հա­սա­րա­կաց մտքի դրսե­ւոր­ման եւ լայ­նա­խա­րիսխ լու­ծու­մի մը ա­պա­հով­ման տե­սա­կէ­տէ։ Մեր ար­տա­յայ­տու­թեան ա­զա­տու­թիւ­նը օգ­տա­գոր­ծե­լու ժա­մա­նակ, կա­մայ թէ ա­կա­մայ պէտք չէ յայտ­նուինք վարկաբեկման ար­շաւ­նե­րու փակ շրջա­նին մէջ։ Վար­պե­տու­թիւն պէտք է ու­նե­նանք, որ­պէս­զի վի­ճա­բա­նու­թեան մթնո­լորտ­նե­րու մէջ բարձ­րա­ձայ­նուած զգայ­նու­թիւն­նե­րը վե­րա­ծուին ար­դիւն­քի։ Պէտք է թո­ղունք թի­րա­խա­ւո­րել անձեր ու պէտք է կեդ­րո­նա­նանք սկզբունք­նե­րու եւ ար­դիւնք­նե­րու վրայ։ Այս հա­սու­նու­թիւ­նը մե­զի ցոյց պի­տի տայ փա­կու­ղիի ել­քի լոյ­սը։ Վա­ղուց ժա­մա­նակն է՝ որ­պէս­զի հա­մախմ­բուինք գե­տի­նի մը վրայ, ուր ար­ժէք ու­նի ոչ թէ ա­մե­նա­բարձր ձայ­նով պո­ռա­ցո­ղը, այլ ա­մե­նա­հա­ւա­սա­րակշ­ռուած ձե­ւով մտա­ծո­ղը։ Ոչ թէ ա­մե­նա­բուռն ձե­ւով մեր­ժո­ղը, այլ ա­մե­նա­պա­ղա­րիւն ձե­ւով ար­ժե­ւո­րո­ղը։

ե- Մեր հա­մայն­քը ու­նի անհ­րա­ժեշտ նե­րու­ժը՝ ա­ռանց ա­ւե­լի յա­պա­ղե­լու այս խնդի­րը լու­ծե­լու հա­մար։ Լաւ է ուշ, քան եր­բեք։ Այ­լա­պէս պի­տի վտան­գուի մեր ամ­բողջ հա­մայն­քի կա­յու­նու­թիւ­նը։ Ա­ռանց հա­մա­խումբ ըլ­լա­լու ինչ­պէ՞ս կրնանք ա­ւե­լի բա­րօր ա­պա­գայ մը ակն­կա­լել, Պատ­րիար­քա­րա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ։

Ե­կէ՛ք, միաս­նա­բար ձեռք ձեռ­քի տանք, սիրտ սիր­տի տանք, ուս ու­սի տանք, հա­ւա­տա­րիմ մնանք մեր հայ­րե­րու մեծ ժա­ռան­գու­թեան եւ ար­ժա­նի ըլ­լանք մեր Սուրբ Ե­կե­ղեց­ւոյ օրհ­նու­թիւն­նե­րուն։ Օգ­տա­գոր­ծուինք մեր պե­տու­թեան կող­մէ մե­զի տրուած հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն։ Մեր զա­ւակ­նե­րուն, ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն փո­խան­ցենք ինք­նու­թիւն մը, ո­րով պի­տի կա­րե­նան հպար­տա­նալ։ Միաս­նա­բար քա­ղենք մեր զօ­րակ­ցու­թեան պտուղ­նե­րը եւ ա­նոնց ար­դիւն­քը վա­յե­լենք՝ որ­պէս եղ­բայր­ներ բաժ­նե­լով։ Ան­տար­բեր չմնանք բո­լոր ա­նոնց դէմ, ո­րոնք կը փոր­ձեն մե­զ տա­նիլ դէ­պի ա­նո­րո­շու­թիւն ու դէ­պի ծայ­րա­յե­ղու­թիւն։ Փա­կենք մեր ա­կանջ­նե­րը ար­կա­ծախնդ­րու­թիւն­նե­րու դի­մաց, ո­րոնց հե­տե­ւան­քով ա­պա­գա­յին կրնանք զղջալ։ Զի­րար վե­րագտ­նենք բա­նի­մա­ցու­թեան մէջ։ Վստա­հինք ի­րա­րու, եր­կու օր վերջ զի­րար մեծ ա­ւե­տի­սով ող­ջու­նե­լու ժա­մա­նակ, ի­րա­րու հետ տօ­նա­կան ու­րա­խու­թեամբ ող­ջա­գու­րուե­լու ժա­մա­նակ մեր սիր­տերն ու ճա­կատ­նե­րը ըլ­լան բաց։

 

                                                     ՊԱՏ­ՐԻԱՐ­ՔՈՒ­ԹԻՒՆ ՀԱ­ՅՈՑ ԹՈՒՐ­ՔԻՈՅ