ԿՈՉ ՔԵՍԱՊԱՀԱՅՈՑ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ

Kategori: Փաստաթուղթեր

badiarkaran logoԻնչպէս երկար ժամանակէ ի վեր կը հետեւինք մամուլէն, Սուրիոյ ներքին քաղաքական ձգտեալ կացութեան հետեւանքով, այլոց կարգին տուժած են նաեւ մերազն ժողովուրդի զաւակներ։

Թուրքիոյ Պետութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնած էր օժանդակել այլ ապաստանողներու կարգին, նաեւ Սուրիահայերու։ Այս ուղղութեամբ պետական պաշտօնական մարմիններ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են խումբ մը Քեսապցի Հայերու, որոնք վերջերս սահմանը անցնելով հասած են Թուրքիա։ Խումբը այժմ կայք հաստատած է Վաքըֆլըգիւղ, ուր կը վայելէ գիւղաբնակ մեր ժողովուրդին ասպնջականութիւնը։

Մեր ժողովուրդին համար քաղցր պարտականութիւն է օժանդակել մեր եղբայրներուն, յատկապէս Ս. Զատկի տաղաւարին պատրաստութեան այս շրջանին։ Պատրիարքական Աթոռոյ Հոգեւորականաց Դասը օժանդակութեան սոյն արշաւը կը բանայ առաջին առթիւ  յատկացնելով 5.000 Թ.Լ.։

Այսու կոչ կþուղղենք մեր համայնքի ազնիւ զաւակներուն, որպէսզի իրենց կարելիութիւնները ի սպաս դնեն սոյն մարդասիրական նպատակին ծառայելու համար հետեւեալ միջոցներով՝

Ա. Անհատական նիւթական օժանդակութիւնները, ինչպէս նաեւ օժանդակութեան գործին սատարելու նպատակաւ կատարելի զանազան միջոցառումներէ եւ հանգանակութիւններէ ձեռք բերելի գումարները կեդրոնացնել Պատրիարքական Աթոռոյս հետեւեալ հաշիւներուն,

ԹՐՔԱԿԱՆ ԼԻՐԱ՝
Türkiye Ermenlieri Patrikliği
Yapıkredi Bankası – Kumkapı şubesi, şube kodu:047, hesap no: 11549696
İBAN KOD: TR430006701000000011549696
Նշել՝ “Kesablı Ermeniler İçin” (Քեսապահայերու Համար)

ԵՒՐՕ՝
Türkiye Ermenlieri Patrikliği
Yapıkredi Bankası – Kumkapı şubesi, şube kodu:047, hesap no: 23634286
İBAN KOD: TR570006701000000023634286
Նշել՝ “Kesablı Ermeniler İçin” (Քեսապահայերու Համար)

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՏՕԼԱՐ՝
Türkiye Ermenlieri Patrikliği
Yapıkredi Bankası – Kumkapı şubesi, şube kodu:047, hesap no: 11549769
İBANK KOD: TR120006701000000011549769
Նշել՝ “Kesablı Ermeniler İçin” (Քեսապահայերու Համար)

Տէր Աստուած օգնական ըլլայ Սուրիահայ մեր եղբայրներուն, որպէսզի այս դժուարին պահերուն իրենց յոյսը դնելով Աստուծոյ եւ մարդասէր անհատներու ցուցաբերած սիրոյն ու խանդաղատանքին, ստանան մխիթարութիւն։ Թող Տէրը օրհնէ նուիրատուներն ու բարեգործները եւ հեռու պահէ ամէն տեսակի փորձութենէ եւ աղէտներէ։

08 Ապրիլ 2014
ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ