ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ԵՐԷԿԻ ՆԻՍՏԸ

Kategori: Եկեղեցական,Կրօնական,Համայնքային

Պատրիարքական Աթոռի Կրօնական Ժողովը 9 Օգոստոս 2017, Չորեքշաբթի օր գումարուեցաւ Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Գարեգին Ս. Արքեպս. Պէքճեանի նախագահութեամբ։ Ընթացիկ նիւթերու կարգին խորհրդակցելէ բացի, Ժողովական Հայրերը տեղեկութիւն ստացան Պատրիարքական Ընտրութեան Նախաձեռնարկ Մարմնի տարած աշխատանքներուն մասին։ Ժողովական հայրերը գոհունակութեամբ տեղեկացան, թէ Նախաձեռնարկ Մարմինը աշխատութեան լծուած էր պարտականութեան գիտակցութեամբ եւ ամենայն լրջութեամբ։