ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՔՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐ ՄԷՐՔԷԼԻ ՀԵՏ

Kategori: Աշխարհական,Միջեկեղեցական,Միջկրօնական

merkelՎարչապետ Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղան իր պաշտօնական բնակարանին մէջ ընդունեց Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելինա Մէրքէլը։ 25 Փետրուար 2013, Երկուշաբթի երեկոյեան, կայացած ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան Թուրքիոյ կրօնական համայքներու ներկայացուցիչները։

Յանուն Պատրիարքական Աթոռոյս հանդիպումին մասնակցեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան։ Ներկայ էին նաեւ Անգարայի Միւֆթիւ Հաքքը Էօզէր, Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքը, Հրէից Խախամապետ՝ Րաւ Իզհաք Հալէվա, Ասորւոց Մօր Կապրիէլ Վանքի տեսուչ՝ Մօր Սամուէլ Աքթաշ Ս. Մետրոպոլիտ, Ասորի Կաթոլիկ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Եուսուֆ Սաղ, Թուրքիոյ Բողոքական Եկեղեցեաց Միութեան տնօրէն խորհուրդի անդամ Ումութ Շահին։

Մօտաւորապէս կէս ժամուայ հանդիպման ընթացքին, Նորին Սրբազնութիւնը իր կարգին հանդէս եկաւ Պատրիարքական Աթոռի եւ Հայ համայնքի հետ կապուած նիւթերով։ Նորին Սրբազնութիւնը նշեց թէ՝ Պատրիարքական Աթոռը չունէր օրինական իրավիճակ եւ այդ պատճառաւ տէր չէր կրնար ըլլալ կալուածներու, նաեւ ունէր եկամուտ ստանալու հարցեր։ Նորին Սրբազնութիւնը յայտնեց նաեւ թէ՝ Պատրիարքական Աթոռը իրաւունք չունէր եկեղեցիներու վարչական մարմիններու գործառնութեանց միջամտելու, ինչ որ կարգ մը պարագաներուն դուռ կը բանար համայնքի կողմէ անընդունելի հետեւանքներու։

Նորին Սրբազնութիւնը իր ելոյթին աւարտի շնորհակալութիւն յայտնեց Վարչապետ Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղանի եւ իր պաշտօնակիցներուն, որոնք փոքրամասութեանց նկատմամբ  տարած են եւ կը շարունակեն տանիլ բարելաւման աշխատանքներ։

Նորին Սրբազնութիւնը նոյն գիշեր օդային ճամբով վերադարձաւ քաղաքս։