ԿՐՕՆՔԻ ԴԱՍԵՐՈՒ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻ ԿՈՂՄԷ ԳՆԱՀԱՏՈՒԵՑԱՆ

Kategori: Համայնքային
13418543_591232221036665_2511082485119106999_oՀամայնքային վարժարաններու ընթացաւարտ դասարաններէ աշակերտներ, որոնք կրօնքի դասերուն մէջ լաւագոյն արդիւնքները ձեռք ձգած էին, 16 Յունիս 2016, Հինգշաբթի, ժամը 18.00-ին համախմբուեցան Պատրիարքարանի պարտէզին մէջ։ Հանդիսութեան նախագահեց՝ Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան։ Ներկայ էին Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, ծնողներ եւ ուսուցիչներ։
 
Հանդիսավարութեան պաշտօնը կատարեց Թաթուլ Ծ. Վրդ. եւ աշակերտները մի առ մի հրաւիրեց, որպէսզի Նորին Սրբազնութեան ձեռամբ ստանան Պատրիարքական Աթոռոյ գնահատագիրերն ու յուշանուէրները։ Գնահատագիրերու յանձնումէն յետոյ Սահակ Սրբազան իր խօսքը ուղղեց ներկաներուն եւ շնորհաւորեց բոլոր ընթացաւարտ աշակերտները, որոնք լաւագոյն արդիւնքները ձեռք ձգած էին կրօնքի դասերուն մէջ։ Սրբազան Հայրը յորդորեց աշակերտներուն, որպէսզի կրօնքի դասերը չվերածուին այլ դասերու եւ չմնան վարժարաններու գրասեղաններուն վրայ։ Աշակերտներ վարժարաններու մէջ որոշ տեղեկութիւններ ստացած էին եւ այլեւս զանոնք կեանքի կոչելու օրը հասած էր։ Այնուհետեւ, յիշեցուց թէ ժողովուրդի մը գոյատեւման համար հոգին անհրաժեշտ է եւ կրօնքի դասերուն տրուած գիտելիքները հոգին զարգացնելու կը ծառայէ։ Այդ հոգիէն կþաճի թէ՝ հաւատքը, թէ՝ մշակոյթը եւ թէ՝ Հայ Քրիստոնեայ ինքնութիւնը։ Ընդգծեց թէ՝ Պատրիարքական Աթոռը այս շրջագծով գեղեցիկ աւանդութեամբ կը շարունակէ գնահատել աշակերտութիւնը։
 
13412226_591232234369997_8731635389142457782_oՀանդիսութեան աւարտին, ներկաներ պատուասիրուեցան սեղաններու շուրջ։
 
Պարգեւատրեալ աշակերտներն են,
 
• Անարատ Յղութիւն Վարժարանէն Մելիսա Մարազեան,
• Արամեան Ունճեան Վարժարանէն Լարա Ինճիլիօղզու,
• Գալֆայեան Վարժարանէն Թալիա Էօզգայա, Գարօլին Չաղլը,
• Գարակէօզեան Վարժարանէն Առէն Տէմիրճի, Ապայ Թէքքօլ,
• Եշիլգիւղի Վարժարանէն Լարիսսա Թորոսօղզլու,
• Էսաեան Վարժարանէն Սէսիլ Սէհէրեըլտըզօղլու, Արիս Թիրեաքիեան, Արիս Նշան, Թինա Տէմիրճի (Լիսէ), Ռէմի Թաշը (Լիսէ), Նարտա Տէմիրճի (Լիսէ), Արա Պօզօղլան (Լիսէ),
• Թարգմանչաց Վարժարանէն Սեւակ Ուլուք, Գամէր Եըլտըզլը, Նորա Էօրտէքօղլու
• Լեւոն Վարդուհեան Վարժարանէն Մելինտա Կիւլիւք,
• Մէրամէթճեան Վարժարանէն Սելին Թօմպաք,
• Վիեննական Մխիթարեան Վարժարանէն Տարօն Սէյիր, Շիլա Փաքյիւզ, Իլօնա Ք. Աքպուլութ, Սէլինա Մանան (Լիսէ), Հելին Մուրատեան (Լիսէ), Լենա Չավտար (Լիսէ),
• Վենետիկեան Մխիթարեան Վարժարանէն Խաչիկ Քարափընար,
• Պէզճեան Մայր Վարժարանէն Ժպիտ Ալլահվէրտեան
• Սահակեան Նունեան Վարժարանէն Թալիա Թուանա Տաղ, Դաւիթ Թանէր, Անի Տիանա Գույումճու (Լիսէ), Արտա Չօր (Լիսէ), Թամար Սարեան (Լիսէ), Լիա Իւրնէշլիօղլու (Լիսէ), Նարօտ Կէզ (Լիսէ), Երազ Չաղլաեան (Լիսէ), Լետա Տամար (Լիսէ)
• Տատեան Վարժարանէն Արա Արտա Քէօսէօղլու, Թալիա Պալճը
• Կեդրոնական Վարժարանէն Առլին Թունչ, Արամ Մարքօ Թուրաչ, Լարիսսա Խաչիկօղլու
• Սուրբ Խաչ Դպրեվանք Վարժարանէն Նատին Սարգիսեան, Ասլին Ճէհէրեան, Սէրհաթ Եըլտըրըմ