ՀԱՃԷԹԹԷՓԷ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Kategori: Միջկրօնական

12771684_545990558894165_1611976136381312230_o
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան, 2 Մարտ 2016, Չորեքշաբթի, ժամը 16.00-ին, ընդունեց Հաճէթթէփէ Համալսարանէն աշակերտներու խումբ մը։

Հիւրերը, «ի նպաստ խաղաղութեան» խորագրեալ համալսարանական աշխատանքի մը համար, կ՚այցելէին կրօնական հաստատութիւնները։ Իրենց նպատակն էր հաստատութիւններէ տեղեկութիւններ քաղել եւ զանոնք համախմբել սոյն աշխատութեան մէջ։

Հիւրերը հետաքրքրուելով Թուրքիոյ Հայ համայնքի պատմութեամբ եւ այժմու վիճակով, Նորին Սրբազնութեան հարցումներ ուղղեցին Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայ համայնքի պատմութեան մասին։ Սրբազան Հայրը պատասխանեց հիւրերու հարցումներուն։