ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ՍԵՄԻՆ «ՊՈԼԻՍ» ԽՈՒՄԲԷՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Kategori: Համայնքային

Համահայկական Խաղերու մասնակից «Պոլիս» Խումբէն պատուիրակութիւն մը, 30 Յուլիս 2015, Հինգշաբթի այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Այցելուներ յայտնեցին թէ՝ «Պոլիս» խումբը այս շաբաթ պիտի մեկնէր Հայաստան, մասնակցելու համար Համահայկականի 6րդ Խաղերուն։ Անոնք տեղեկութիւններ փոխանցեցին պատրաստական աշխատանքներու եւ մարզիկներու մասին։ Արամ Արքեպս. խումբի անդամներուն յաջողութիւն մաղթեց։