ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ Ի ՊԱՏԻՒ ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ ԵԿԱՒԵԱՆԻ

Kategori: Համայնքային

Տքթ. Զաւէն Եկաւեան եւ Պատրիարք Հայրը կը զրուցեն

Կիւլպէնկեան Հիմնարկի Հայկական Բաժնի Վարիչ՝ Տքթ.Զաւէն Եկաւեան, որ ընտանեօք Ստանպուլ կը գտնուէր, 1Սեպտեմբեր 2005, Հինգշաբթի, ժամը 17.00-ին պատուասիրուեցաւ Ս.Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի համանուն մատրան բակին մէջսարքուած համայնքային ընդունելութեամբ։

Նախագահեց Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը։ Ներկայգտնուեցան Ատենապետ՝ Պետրոս Շիրինօղլուի գլխաւորութեամբ Ս.Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան ամբողջականկազմը, Բժշկապետ՝ Տքթ. Արման Չաքըրօղլուի գլխաւորութեամբբժշկական դասը, համայնքային, թաղային մարմիններուներկայացուցիչներ, բարերարներ, կրթական մշակներ եւ համայնքայինգործիչներ։

Հանդիսավար Յարութիւն Էօզչէլիքի հրաւէրով իր ողջոյնի խօսքըարտասանեց Պետրոս Շիրինօղլու։ Ապա հանդէս եկաւ մեծարեալը՝Տքթ. Զաւէն Եկաւեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած ջերմընդունելութեան համար եւ իր համակրանքը յայտնեց պոլսահայհամայնքի նկատմամբ, որ գնահատելի աւանդապահութեամբ կըշարունակէ պատնէշի վրայ պահել այն պապենական աւանդները,որոնք փոխանցուած են իբրեւ հոգեւոր եւ կրթական արժէքներ։Թելադրեց, որ պոլսահայ վարժարաններու պատասխանատուվարիչները գրաւոր ծրագիրներ մշակեն ու հիմնարկին ներկայացնեն,որպէսզի կարելին ի գործ դրուի իրենց անմիջական պէտքերուդիմագրաւման օժանդակելու համար։ Յիշեցուց, թէ յառաջիկայ տարինԿիւլպէնկեան Հիմնարկի հաստատութեան յիսնամեակն էր։ Այս առթիւհրաւէր ըրաւ նաեւ, որ Պոլսէն եւս պատուիրակութիւն մը մասնակցիայս յիշատակելի յոբելենական հանդիսութիւններուն։

274
Հուսկ բանքը արտասանեց Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը։Նորին Ամենապատուութիւնը անդրադարձաւ, որ ԿիւլպէնկեանՀիմնարկը մօտիկ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ սփիւռքահայկրթական յարկերու եւ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի նկատմամբ,որուն մէջ իր դրական դերն ունէր Տքթ. Զաւէն Եկաւեան, որպէսվարիչը՝ հիմնարկի Հայկական Բաժնին։ Նորին Ամենապատուութիւնըապա ընդգծեց սփիւռքահայ իրականութեան մէջ ազգայինվարժարաններու ցանցին կարեւորութիւնը, քանի որ ուծացմանվտանգին հետ դէմ յանդիման են աշխարհով մէկ տարածուած շուրջվեց միլիոն հայորդիներ։ Պատրիարք Հայրը գնահատեց սփիւռքահայկրթական օճախներու գոյատեւման համար հիմնարկի հայկականբաժնի տարած աշխատանքները։ Շեշտեց, թէ եկեղեցիներուառաքելութեան զուգահեռ՝ սփիւռքահայ վարժարաններուառաքելութիւնը անփոխարինելի է սփիւռքի մէջ տոհմիկ եւ հոգեւորինքնութեան պահպանման համար։

Նորին Ամենապատուութիւնը ապա յակամայս բաղդատութիւնը ըրաւԿիւլպէնկեան Հիմնարկի եւ Հայ Բարեգործական ԸնդհանուրՄիութեան (ՀԲԸՄ) գործունէութեանց միջեւ եւ ցաւ յայտնեց, որՀԲԸՄ-ը սա վերջին 80 տարիներուն օժանդակած չէր պոլսահայհամայնքի կրթական, կամ ընդհանրապէս, համայնքայինհաստատութիւններուն։ Պատրիարք Հայրը անդրադարձաւ նաեւԿիպրոսի Մելգոնեան Վարժարանը փակելու տխուր որոշումին։ Անգամմը եւս շեշտեց, թէ ՀԲԸՄ-ի Վարչութեան այս ուղղութեամբ առածորոշումը սխալ է։ Քանի որ այս վարժարանը ոչ միայն ազգինվարժարանն է, այլ նաեւ այս վարժարանի գոյատեւման համարմեծագումար հարստութիւն մը յատկացուած է ՀԲԸՄ-ին, եւ զայնմատակարարելու իրաւունքը Երանաշնորհ Զաւէն Պատրիարքիկողմէ փոխանցուած է։ ՀԲԸՄ-ը, ցարդ ոչ մէկ կերպով հրապարակումըրած է այս մեծագումար հարստութեան ճակատագրին մասին։

Նորին Ամենապատուութիւնը ըսաւ. §Կարեւոր է մեր ազգային-կրօնական, մշակութային եւ եկեղեցական սրբութիւններունմօտենալ այնպէս, ինչպէս կը մօտենային այդ աւանդներըմեզի աւանդող բարերարները։ Այսօրուան վարիչները պէտք էյոյս ներշնչեն մեր ժողովուրդին։ Այդ կարելի կ՚ըլլայ միմիայնմշակելի ծրագիրներով։ Երիտասարդները յուսադրուելուպէտք ունին ապագայի մասին¦։

Նորին Ամենապատուութիւնն ու հիւրերը ապա սուրճ առինՀոգաբարձութեան սենեակին մէջ, որմէ յետոյ Պատրիարք ՀայրըԳումգաբը վերադարձաւ։

Իսկ նոյն երեկոյեան, Պատրիարք Հայրն ու Տէր եւ Տիկին ԶաւէնԵկաւեան, ընթրիքով պատուասիրուեցան Գարակէօզեան ՏանԽնամակալութեան Ատենապետ՝ Տիգրան Կիւլմէզկիլի եւ կողակիցը՝Տիկին Նատիային կողմէ։ Կիւլմէզկիլ ամոլի զբօսանաւոն մէջսարքուած ընթրիքին ներկայ էին նաեւ Տէր եւ Տիկին Եդուարդ-ԱնիՊէրպէրօղլու, Տէր եւ Տիկին Արսէն-Հիլտա Եարման։

275