ՀԱՄԱՅՆՔԷՍ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՏԻԿԻՆՆԵՐ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Մեր Համայնքային շրջանակներէն խումբ մը տիկիններ, կազմակերպութեամբ ու առաջնորդութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի 24 Մայիս 2018, Հինգշաբթի, ժամը 15.00-ին այցելեցին Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոց։

HIVANTANOTS 5

Խումբը Հիւանդանոցի մուտքին դիմաւորուեցաւ մատրան հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեանի եւ Հոգաբարձութեան անդամներէն Բրշ. Գէորգ Սրկ. Ներկիզի կողմէ եւ ուղղուեցաւ դէպի մեր Ազգային գթութեան տան մնայուն բնակիչներու բաժինները։ Այստեղ խումբին միացաւ նաեւ հոգեբան ու մնայուն բնակիչներու բաժիններու պատասխանատու Անիթա Էօսմէ։

Անոնք նախ այցելեցին պատսպարեալներու բաժինը, որ գրեթէ վերաշինուած էր հանգուցեալ Վրթանէս Սաաթճեանի բարերարութեամբ ու նախանձելի վիճակ ստացած։

HIVANTANOTS 1

Այցելուներու նպատակն էր մնայուն բնակիչները անմխիթար չթողուլ եւ անոնք մի առ մի մօտենալով իւրաքանչիւրին զրուցեցին անոնց հետ ու նուէրներ փոխանցեցին իրենց։

Ապա անոնք շրջեցան նաեւ հանգստեան տան միւս բաժինները, ուր եւս դիմաւորուեցան ուրախութեամբ։ Զանազան բաժիններ շրջելու միջոցին յատկապէս ուրախացուցիչ էր Տիրամայր Մարի Մութաֆեանի ներկայութիւնը։

HIVANTANOTS 2

Աւելի քան մէկ ու կէս ժամ տեւողութեամբ շրջելէ ետք խումբը այցելեց նաեւ Հիւանդանոցի մատուռը, ուր տեղի ունեցաւ կարճ աղօթասացութիւն մը։ Անոնք երգեցին «Տէր ողորմեա»ն։ Սրբազան Հայրը ըսաւ, թէ անոնք այսօր կատարած էին աստուածահաճոյ գործ մը եւ թէ Ինք գնահատանքով կը դիմաւորէր նաեւ այն վարժարանները, որոնք իրենց աշակերտները զանազան առիթներով կ’առաջնորդէին Ազգային Հիւանդանոցի այս բաժինները։ Սրբազան Հայրը ըսաւ նաեւ, թէ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Պատրիարքն ալ կը խրախուսէր ու կ’առաջնորդէր երիտասարդները, որպէսզի յաճախ այցելէին համայնքիս տարեց անդամներուն՝ կատարելով նաեւ ազգային քաղցր պարտականութիւն մը։ Նորին Սրբազնութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակիցներուն ու օրհնեց զանոնք եւ ապա երգուեցաւ Տէրունական Աղօթքը։

HIVANTANOTS 4

Աւարտին Հոգաբարձութիւնը մատրան շրջաբակին մէջ թէյասեղանով մը պատուասիրեց Սրբազան Հայրն ու մասնակից տիկինները։ Անոնք շնորհակալութիւն յայտնելով ու յաջողութիւն մաղթելով վարիչներուն մեկնեցան Ազգային Հիւանդանոցէն։