ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՕՐՈՒԱՆ ԲԱՑՄԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Kategori: Միջեկեղեցական

201  Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 16 Օգոստոս, Երեքշաբթի, ժամը 16.30-ին Սալվաթորեան Վանքէն մեկնեցաւ եւ առաջնորդուեցաւ դէպիՊոնն, ուր ժամը 17.30-էն սկսեալ ներկայ գտնուեցաւ բացօթեայ Ս. Պատարագին զոր մատոյց Գերման Կաթոլիկ Եպիսկոպոսաց Ժողովի Երիտասարդաց Առաքելութեան Յանձնաժողովի Նախագահ՝ Գերշ. Մոնս. Ֆրանց-Եոզէ‎ֆ Պոտէ Եպիսկոպոսը։

202Կը համապատարագէին չորս կարտինալներ, շուրջ հարիւր եպիսկոպոսներ եւ անհամար քահանաներ ի ներկայութեան աշխարհի չորս ծագերէն ժամանած շուրջ 150,000 երիտասարդներու, որոնց մեծամասնութիւնը Ս. Հաղորդութիւն ստացան։
203
Երգեցողութիւնը, զանազան լեզուներով եւ միշտ արդիաշունչ երաժշտութեամբ կատարեցին երկու երգչախումբեր. Օսնապրիւքի Երիտասարդաց Երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Եոհաննէս Ռահէի, եւ Լէ Փըթիթ Շանթէօր տը Փապրէ Երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Ռիչըրտ Պամպարայի։ Երգչախումբերուն ընկերացաւ Ափրիկեցի նուագածուներէ բաղկացած խումբ մը։